Սահմանադրական Խորհուրդը Քննարկեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Բողոքը

1121_Conseil ConstitutionnelՍահմանադրական խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու բողոքը:

Սահմանադրական խորհուրդը այդ իմաստով ոչ մէկ որոշումի կրցաւ յանգիլ:

Նիստին ընթացքին քաղաքացիական հասարակութիւնը գործադրեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեց չեղեալ նկատել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող օրէնքը:

 

Share this Article
CATEGORIES