Ուղղաթիռի Անկման Վայրը Կը Գտնուի Հայ Դիրքապահներու Մնայուն Հսկողութեան Տակ
Վերջին շրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին շեշտակիօրէն աճած են հակառակորդին կողմէ իրականացուող զինադադարի խախտումները: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ առաւել սաստիկ կրակոցներ կ՛արձանագրուին յատկապէս սահմանագիծի արեւելեան հատուածին մէջ` թշնամիին կործանած հայկական ուղղաթիռի անկման վայրին ուղղութեամբ: Միայն 20-էն 21 նոյեմբերի լուսցող գիշերը նշուած հատուածին մէջ ազրպէյճանական բանակը տարբեր տրամաչափի զէնքերէ զինադադարը խախտած է շուրջ 190 անգամ, 8-ի պարագային` նռնականետէ եւ խոշոր տրամաչափի այլ զէնքերէ:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած են եւ կը ձեռնարկուին բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` թոյլ չտալու համար հակառակորդին մօտենալու ուղղաթիռի անկման վայրին: Ներկայ դրութեամբ, ինչպէս ուղղաթիռի անկման վայրը, այնպէս ալ ամբողջ սահմանագիծը կը գտնուի հայ դիրքապահներու մնայուն հսկողութեան տակ:

