Օպամա Ցաւ Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Հանրապետութեան Նախագահի Չգոյութեան Համար

Պարաք Օպամա

Պարաք Օպամա

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ լիբանանցիներուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ ան ցաւ յայտնեց երկրին մէջ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան համար` նկատել տալով, որ հանրապետութեան նախագահն է երկրին գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան հսկող խորհրդանիշը:

Օպամա շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ զուտ լիբանանեան որոշումով, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ լիբանանցիներուն շահերը ապահովող նախագահ մը:

Ան հպարտութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ Ուաշինկթընի ունեցած յարաբերութեան եւ շնորհաւորեց զանոնք, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES