Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Մասնակցած Է ԱՊՀ-ի Երկիրներու Վարչապետերու Խորհուրդի Նիստին

1121_Turqmenstan11Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքմենիստան գտնուող վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցած է ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու  ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ընթացքին  քննարկուած են ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շուրջ երկու տասնեակ հարցեր:

Մշակոյթի եւ արուեստի (գրաւոր ժառանգութեան պահպանում եւ վերականգնում, թանգարանային գործ, մշակութային ժառանգութիւն, շարժանկար, թատրոն) մարզերուն մէջ գործող ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու շարք մը կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու  գիտահետազօտական հիմնարկին, շնորհուած է գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ  վերականգնման մարզին մէջ խարսխային  կազմակերպութեան կարգավիճակ:

Կ՛ակնկալուի, որ այս կարգավիճակին շնորհումը կարելիութիւն ընձեռէ ընդլայնելու եւ ամրապնդելու ԱՊՀ-ի երկիրներուն միջեւ մարդասիրական  համագործակցութիւնը եւ իրականացնելու  բարձր որակաւորում ունեցող մշակոյթի եւ արուեստի մարզի մասնագէտներու ուսուցում եւ վերապատրաստում:

Share this Article
CATEGORIES