Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ

1121_pago-sahagianԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային այցելութեամբ  Փարիզ կը գտնուի: Սահակեան հինգշաբթի այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2014»-ի ծիրին մէջ համաեւրոպական հեռաձայնային հանգանակութիւնը կազմակերպող գլխաւոր գրասենեակ: Նախագահ Սահակեան  երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի ամբողջ անձնակազմին` մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ, բոլոր կամաւորներուն, որոնք  անմիջական մասնակցութիւն կ՛ունենան  «թելեթոն»-ին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը Ֆրանսայի հայ համայնքը նկատած է սփիւռքի ամէնէն  կազմակերպուած հատուածներէն մէկը, որ միշտ իւրայատուկ աշխուժութեամբ աջակցած է Արցախին եւ հայրենիք-սփիւռք կապերը ամրապնդելու ու համազգային ծրագիրներ  իրականացնելու գործին:   Նախագահին կ՛ընկերանան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ խումբ մը պետական պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES