Թուրքիա – Ափրիկէ Ընկերակցութեան Բ. Վեհաժողովին. Թուրքիա Կը Ձգտի 13-էն 50 Միլիառ Տոլարի Բարձրացնել Առեւտրական Իր Գործառնութիւնը
19-21 նոյեմբերին Կինէի Մալապու շրջանին մէջ գումարուած թուրքեւափրիկեան ընկերակցութեան երկրորդ վեհաժողովին Թուրքիա խոստացաւ հինգ միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Իպոլայի դէմ պայքարելու համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ պատուիրակութեան մը, մասնակցեցաւ սոյն վեհաժողովին` խոստանալով ամէն զօրակցութիւն ցուցաբերել յաղթահարելու համար իպոլայի ժահրը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա կը ձգտի ներկայիս 13 միլիառ տոլար հաշուող թուրքեւափրիկեան առեւտրական գործառնութեան ծաւալը մինչեւ 2018 թուական բարձրացնել 50 միլիառ տոլարի:
Ան նաեւ խոստացաւ յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերել ափրիկեան երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց, եւ Քսաններու խմբակի երկիրներու Աւստրալիոյ կողքին իշխող եռեակ նախագահութեան (Թուրքիա, Ռուսիա, Աւստրալիա) անդամակցութեան իր հանգամանքէն օգտուելով, զարկ տալ ափրիկեան երկիրներու օժանդակութեան:
Յայտնենք, որ Էրտողան այս առիթով անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ ափրիկեան երկիրներու (Մաւրիտանիա, Պենին…) իր պաշտօնակիցներուն հետ:

