Տաւութօղլու. «Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Ապահովութիւնն Ու Խաղաղութիւնը Պատմական, Մարդկային Ու Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի Թուրքիոյ Համար»

Տաւութօղլու-Պարազանի
«Թուրքիա ամէն ձեւի զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ապահովութեան ու կայունութեան համար», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Էրպիլի մէջ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարազանիի հետ իր տեսակցութեան աւարտին տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Իրաքի ապահովութիւնը կարեւոր ու կենսական է Թուրքիոյ համար», աւելցուց Տաւութօղլու` յստակացնելով, որ քրտական ինքնավար մարզի ապահովութիւնը Թուրքիոյ համար առաջնակարգ հարց է: Ան վերահաստատեց, որ Թուրքիա ամէն ձեւով պիտի օժանդակէ ինքնավար մարզի անդորրութեան ամրապնդման, որովհետեւ անիկա պատմական, մարդկային ու ռազմավարական կարեւորութիւն ունի: Տաւութօղլու յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ սերտացող վստահութեան արգասիքն է քիւրտ փեշմերկաներու դէպի սուրիական Արաբ Բունար շրջան թափանցումի թրքական թոյլտուութիւնը: Ան յուսալից եւ խոստմնալից որակեց Պաղտատի եւ Էրպիլի մէջ իր նկատած նոր մթնոլորտը:
Իր կարգին, Մասուտ Պարազանի յայտնեց, որ իրաքեան նոր կառավարութիւնը կոչուած է դրական մթնոլորտ ստեղծելու Թուրքիոյ հետ:
ՆՇԵՆՔ, որ Իրաքի Անպար նահանգի յատկապէս Ռամատի շրջանը բուռն բախումներու թիրախ դարձած է ՏԱՀԵՇ-ի եւ իրաքեան բանակային ու աշիրեթական ուժերուն միջեւ:
ՏԱՀԵՇ նախանցեալ գիշեր ստանձնած էր Էրպիլի եւ Քերքուքի մէջ պատահած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը` փորձելով յատուկ «պատգամ մը» ղրկել պատկան կողմերուն:

