Պահրէյնի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Ընդդիմութիւնը Կը Շարունակէ Իր Բողոքի Ցոյցերը

1121_BahrainԼիբանանեան «Մանար» լրատուական կայքին համաձայն, Պահրէյնի իշխանութիւնները խափանած են ընտրութիւններուն դէմ բողոքող խուռներամ բազմութեան ցոյցը Տարազ շրջանին մէջ` արցունքաբեր կազերով եւ ուղղաթիռներու շրջագայութեամբ:

Եւրոպական խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը հետեւեցաւ Պահրէյնի խորհրդարանական ընտրութեանց գծով որդեգրուող վերջին միջոցառումներուն:

Շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ընտրութեանց նախօրեակին, Պահրէյնի տեղեկատուութեան նախարար Սամիրա Ռաժապ յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը տրամադիր է երկխօսութեան նստելու ընդդիմադիրներուն հետ: «Արտաքին միջամտութիւնը կը հրահրէ ներքին տագնապը», ընդգծեց Ռաժապ` պատրաստակամութիւն յայտնելով բարի դրացնութեան յարաբերութիւն մշակելու Իրանի հետ: Պահրէյնցի նախարարը աւելցուց, որ իր երկիրը կը մերժէ անիշխանութիւնը, միաժամանակ տրամադիր է 2011-էն ի վեր ծայր առած խռովութեանց վերջ դնելու երկխօսութեան ճամբով:

Ընդդիմադիր աղբիւր մը իր կարգին յայտնեց, որ Պահրէյնի ապահովութեան ուժեր յարձակում գործած են ընդդիմութեան կողմէ հաստատուած կարգ մը կեդրոններու դէմ:

Ըստ ընդդիմադիր ղեկավարի մը, ընտրական կեդրոններու հաստատումը «խորհրդանշական քայլ` մըն է` պարզելու համար Պահրէյնի ժողովուրդին մեծամասնութեան կրած տառապանքը»:

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր այաթոլլա շէյխ Իսա Քասեմ հեգնական ոճով քննադատեց իշխանութեան կիրարկած արգելափակման թէ բռնարարքներու միջոցառումները: Պահրէյնցի բանտարկեալներու ընտանեկան պարագաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ այդ քայլերը չեն կրնար Պահրէյնի ժողովուրդը շեղել ընդդիմադիր իր կեցուածքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES