ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումներուն Զուգահեռ. Իրաքեան Ապահովական Ուժեր Կ՛ազատագրեն Ռամատիի Կարգ Մը Շրջանները

Iraq--141121060512_iraq_640x360_reutersԻրաքեան բանակային ուժեր, գործակցաբար իրաքցի աշիրեթներուն հետ, երէկ ձեռնարկեցին փոխադարձ յարձակումի եւ յաջողեցան ազատագրել Ռամատիի Ժմամիէ գիւղը եւ յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի յիսուն տարրեր սպաննուած են:

Երէկ յետմիջօրէին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրաքի Անպար նահանգի խորհուրդի նախագահը հեռաձայնային կապակցութեամբ օգնութիւն եւ օժանդակութիւն խնդրած է վարչապետ Հայտար Ապատիէն, այն տեղեկութեանց լոյսին տակ, թէ ՏԱՀԵՇ պաշարած է Անպար նահանգը:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի 64 զինեալներ սպաննուած են 110 ուրիշներ վիրաւորուած են Իրաքի Սամարրա շրջանին մէջ:

Իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի աղբիւրներ յայտնեցին, որ դաշինքի ուժերը օդանաւային 30 յարձակումներ գործած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ:

Share this Article
CATEGORIES