Իրանի Հիւլէական Թղթածրարի Բանակցութիւնները` «Տաք Կրակ»-ի Վրայ. Լաւրով. «Կը Ջանանք Իրանի Հիւլէական Հարցը Լուծել Շահերու Հաւասարակշռութեան Ծիրին Մէջ»
Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցի լուծման ժամկէտի` երկուշաբթի, 24 նոյեմբերի նախօրեակին, բանակցութիւնները թափ ստացան Իրանի եւ վեց գերպետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ, որոնք յաջորդաբար հասան Վիեննա` մասնակցելու այս հարցի լուծման խորհրդակցութեանց:
Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Ֆապիւս ըսաւ. «Մենք միշտ ո՛չ ըսած ենք հիւլէական ռումբին եւ այո՛` խաղաղ նպատակներու գործածուող հիւլէական ուժանիւթին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի հինգշաբթի գիշեր Վիեննա հասնելէն ի վեր ձեռնարկեց հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու շարքի մը` այս հարցին բարւոք լուծում մը գտնելու համար: Ան մէկէ աւելի անգամներ տեսակցեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ, որ իր կարգին ուրբաթ երեկոյ մեկնեցաւ Թեհրան` իր երկրի վարիչներուն հետ խորհրդակցելու արծարծուող առաջադրանքներուն շուրջ: Ան Վիեննա պիտի վերադառնայ նախքան շաբաթավերջը:
Իսկ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, թէ Իրան շատ բան ունի շահելիք հիւլէական թղթածրարի հարցի լուծումէն: Ան աւելցուց, որ հարթելի շատ մը խրթին կէտեր կան տակաւին:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Միութիւնը կառչած կը մնայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան մը յանձնելու ժամկէտին` 24 նոյեմբերին: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Վիեննայի մէջ Իրան եւ 5+1 վեց գերպետութիւններու բանակցութիւնները կը շարունակուին Քեթրին Էշթընի նախագահութեամբ, որ կը յուսայ երկարատեւ եւ դիւանագիտական ընդհանուր համաձայնութեան յանգիլ:
Դէտեր ու կարծիքով, կողմերը պատրաստակամ են որոշ ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ զիջումներ կատարելու` այս առնչութեամբ յանգելու համար պատմական համաձայնութեան մը: Անոնք կ՛ակնկալեն, որ նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերէ նաեւ Իրան եւ որոշ զիջումներ կատարէ` դրական եզրայանգումի հասնելու համար:
Լիբանանեան «Նահար» օրաթերթը, Վիեննայէն հաղորդուող տեղեկութեանց վերագրելով իր լուրը, յայտնեց, թէ Իրան տրամադիր է համաձայն գտնուելու պատժամիջոցներու աստիճանական վերացման, ճշդուած` յատուկ ժամանակացոյցի հիման վրայ:
Երէկ յետմիջօրէի իր լուրերով, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Զարիֆ զանց առած է Թեհրան մեկնելու եւ շաբաթավերջին Վիեննա վերադառնալու իր մտադրութիւնը:
Իսկ «Ռաշա Թուտէյ» կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ իր ռուս պաշտօնակիցը` Սերկէյ Լաւրով համաձայնած են ճիգ չխնայել յաջողեցնելու համար Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան մը կնքումը` նախքան ժամկէտի աւարտը:

