Հաղորդագրութիւն

1121_cairo

Նախքան պատուիրակութեան Լիբանանէն մեկնումը

1121_cairo-1

… եւ Եգիպտոսի մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Գահիրէ (Եգիպտոս) մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի Արարատ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութեան մասնակցելու ծիրին մէջ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի տղոց եւ աղջկանց 2 խումբեր: Անոնք պիտի մասնակցին Գահիրէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած մրցաշարքին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզիչներ եւ երկսեռ մարզիկներ:

Հանդիսութեան եւ մրցաշարքին մանրամասնութիւնները` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES