Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ահլի Սայտան:

Վերոնշեալ երկու խումբերն ալ, ինչպէս նաեւ Սաժես, ցարդ ապահոված են 11-ական կէտ, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իժթիմահի ունի 13 կէտ:

Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայեն իրենց հիւրէն խլելու առաւելագոյն 3 կէտը` դասաւորման վերին դիրքերուն վրայ մնալու համար:

Եթէ դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մրցում ունին կատարելիք, անդին թրիպիւնին վրայ այլ պարտականութիւն ունին կատարելիք ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք, ինչպէս միշտ, այսօր եւս պիտի ըլլան խումբին թիւ 12-րդ մարզիկը եւ յաղթանակը կերտեն միասնաբար:

Share this Article
CATEGORIES