Ի՞Նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ի՜նչ երազներ եւ որքա՛ն մղձաւանջ ունիք: Հարկ է հանդարտ մնալ, որպէսզի առողջ ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ աշխուժ էք ձեր գործին մէջ: Շարունակեցէք նոյն ձեւով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուարութեան մը դիմաց լաւ է մէկ կողմ կենաք, փոխանակ հարցին մէջ մխրճուելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ շատ եռանդուն պիտի ըլլաք, եւ ձեր այս խանդավառութիւնը ուրիշներուն պիտի փոխանցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրոյ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի ձեր շուրջը: Առիթէն օգտուեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ունեցած հին ապրանքները պիտի նորոգէք եւ պիտի ուրախանաք: Սակայն ուշադիր եղէք ձեր պիւտճէին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գեղագիտական զգայնութիւնը պիտի նշմարուի ուրիշներէն: Գիտցէք հաճելի մթնոլորտ ստեղծել ձեր շուրջը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր վարպետները ձեզ պիտի ուրախացնեն իրենց քաջալերանքով: Շարունակեցէք աշխատիլ նոյն թափով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յառաջացէք: Ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ ուրիշներ չնկատեն ձեր յառաջդիմութիւնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ հաւատարմութիւն պիտի  ցուցաբերէք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը այս ձեւով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի զբաղիք խանդավառութիւն ստեղծող ծրագիրով մը: Օրը պիտի ապրիք նոր յոյսերով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ասպարէզին մէջ պիտի յառաջանաք եւ պիտի արժանանաք գովեստի` բարոյապէս եւ նիւթապէս:

 

Share this Article
CATEGORIES