50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1964)

Բանակի Տողանցքով Եւ Յիշատակի Յուզիչ Ոգեկոչումով

Լիբանան Ջերմեռանդ Խանդավառութեամբ Տօնեց
Անկախութեան 21-րդ Տարեդարձը

Նախագահ Հելու Ազգայնաշունչ
Պատգամ Մը Ուղղեց Ժողովուրդին

Հակառակ փոթորիին եւ անձրեւին, Լիբանան կիրակի, նոյեմբեր 22-ին բացառիկ շուքով տօնեց իր անկախութեան 21-րդ տարեդարձը` պետական եւ ժողովրդային ջերմեռանդ մասնակցութեամբ: Իսկ երկուշաբթի փակ մնացին պաշտօնական բոլոր հաստատութիւնները շուկաները: Ամբողջութեամբ փակ էր մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի շրջանը, ուր հայութիւնը ցնծութեամբ մասնակցեցաւ անկախութեան տօնակատարութեան:

Հանդիսութիւնները սկսան շաբաթ իրիկուն: Նախագահ Հելու նոյն իրիկունը ներկայ գտնուեցաւ: Սպայից տան մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին, որուն կը մասնակցէին բոլոր միաւորներու պատկանող սպաները: Այդ առթիւ խօսեցաւ ճառ մը` ի պատասխան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ատել Շեհապի ճառին, ընդգծելով բանակին խաղացած դերը պահպանման համար ժողովրդավարական վարչակարգին, որ ամէնէն աւելի կը յարմարի Լիբանանին, նոյն ատեն շեշտելով, թէ բանակը կարգապահութեան, միութեան եւ նուիրումի օրինակ կը հանդիսանայ քաղաքացիներուն:

Դարձեալ անկախութեան տարեդարձին առթիւ, նախագահ Հելու ժողովուրդին ուղղեց պատգամ մը, որ կարդացուեցաւ ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն: Նախագահը իր պատգամին մէջ կը յայտնէ, թէ նոյեմբեր 22 լաւագոյն վաղորդայնի մը տարեժարձն է` հիմնուած իրաւունքի, անձնուիրութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Անկախութեան տիրանալէն ի վեր, կ՛ըսէ նախագահը, Լիբանան անընդհատ զարգացաւ յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ: Վերջին տարիները եղան վկան իր վերականգնումին` բոլոր մարզերու մէջ, գիտական հիմերու վրայ: Երկիրը վստահոմւթեամբ կը սպասէ այն օրուան, երբ լաւագոյն կեանքի մկ պայմանները իր հասողութեան պիտի ընծայուին եւ այս` շնորհիւ բոլոր քաղաքացիներու միաբանութեան:

Տողանցք Եւ Ոգեկոչում

Կիրակի առաւօտ ժամը 9:00-ին, Ֆուատ Ա. պողոտային վրայի տեղի ունեցաւ բանակին աւանդական տողանցքը, տեղատարափ անձրեւի տակ: Պատուոյ թիրպիւնին վրայ տեղ գրաւած էին` նախագահ Հելու, նախագահ Համատէ, վարչապետ Ուէյնի, նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական մարմինի անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ կրօնական ու քաղաքային անձնաւորութիւնները:

Բանակը տողանցեց ոստիկան – զօրաց եւ բանակի փողերախումբին առաջնորդութեամբ: Նախ օգնական միաւորները անցան, ապա կարգը եկաւ հետեւակազորքին, ի վերջոյ մեքենազէն ուժերուն` հրասայլերով, զրահապատ կառքերով եւ թնդանօթակիր սայլերով:

Շնորհաւորելէ ետք զօրավար Ատել Շեհապտը եւ հրաժեշտ առնելէ ետք պետական աւագանիէն, հանրապետութեան նախագահը բռնեց Ռաս Նապաաի ճամբան, ուր, քանի ոը վայրկեան ետք, ծաղկեպսակ մը դրաւ նախագահ Պեշարա Խուրիի գերեզմանին վրայ: Նոյն ժեսթը ունեցաւ վարչապետ Ռիատ Սոլհի արձանին առջեւ, ապա մեկնեցաւ Սերայ` ընդունելու համար դիւանագիտական մարմինի անդամներուն շնորհաւորութիւնները:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին յիշատակի յուզիչ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Թանգարանի հրապարակին վրայ, ուր զանազան խմբակցութիւններու պատկանող պատուիրակութիւններ ծաղկեպսակներ դրին Անծանօթ զինուորի յուշարձանին առջեւ:

Երեկոյեան հրավառութիւններ եղան մայրաքաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ, մինչ հրապարակներու վրայ դրուած բարձրախօսներ լիբանանեան տոհմիկ երգեր կը ձայնասփռէին:

 

Փոթորիկին Աւերը Լիբանանի Մէջ

«Մակեդոնիա» Ընկղմեցաւ, Իսկ
Շոգեկառք Մը Գիծէն Դուրս Ելաւ

Շաբաթէ մը ի վեր լիբանանցիք արեւի երես տեսած չունին: Փոթորիկ, անձրեւ եւ ձիւն մեծապէս խանգարեցին ժողովուրդին կեանքը` երբեմն պատճառ դառնալով նաեւ արկածներու եւ աղէտներու:

Փոթորիկին զոհերէն մէկը եղաւ «Մակեդոնիա» նաւը, որ նոյեմբեր 12-ին զարնուած էր «Փալմ պիչ»-ի ծովափին դիմաց գտնուող ժայռերուն: Վերջին օրերու փոթորկոտ ծովը ոչ միայն արգելք եղաւ փրկութեան գործողութիւններուն, այլ նաեւ խորտակեց նաւը, որ հետզհետէ կորսուեցաւ ծովուն յատակը երեք մասերու բաժնուելով: Հազարաւոր պէյրութցիներ Ռաս Պէյրութ փութացին` դիտելու համար նաւու մը հոգեվարքը, որ իսկապէս յուզիչ էր:

Միւս կողմէ, Պէյրութ-Սուր երկաթուղիին վրայ, Խալտէի մէջ, շոգեկառք մը գիծղէն դուրս գալով` տապալեցաւ: Ծովեզրին մօտ ալիքներծը խախտած էին երկաթուղագծին հիմերը: Երբ շոգեկառքը իր 14 վակոններով կ՛անցնէր այդ խախուտ կէտէն, գիծերը բաժնուեցան եւ բոլոր վակոններն ու վայրաշարժը տապալեցան: Վայրաշարժին մեքենավարը` Ժոզեֆ Պեհայմի, հիւանդանոծ փոխադրուելով` հոգին աւանդեց: Իսկ մեքենագէտը` Միթրի Ֆլութի, վիրաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց կը գտնուի:

Այս երկու արկածներէն դուրս, փոթորիկն ու անձրեւը բազմաթիւ այդ արկածներու պատճառ դարձան: Տան մը սանդուխը փուլ եկաւ, բայց բարեբախտաբար զոհ չկայ: Անձրեւի պատճառով Պէյրութի կեդրոնական փողոցներուն մէջ աննկարագրելի խճողում մը ստեղծուեցաւ օրուան կարգ մը ժամերուն: Միւս կողմէ, հեռաձայնային բազմաթիւ գիծեր կտրուեցան, յատկապէս` միջքաղաքային գիծեր:

 

Տոմսեր

Անձրեւը Եւ Պէյրութցին

Ուշացան անձրեւները, եւ պէյրութցին մտահոգ էր: «Շուկայի վրայ գործերը թեթեւ» էին, կօշիկ չէր ծախուէր, ձիթապտուղը լաւ չէր: Կիները դժգոհ էին, ձանձրացեր էին այլեւս ամառնային հագուստներէն եւ կ՛ուզէին ձմեռնային իրենց հագուստները ցուցադրել:

Պէյրութցին հիւանդ էր. անձրեւ չկար:

Եկան անձրեւները, առատ, յորդահոսան:

Մարդիկ վերածուեցան խամաճիկի, խրտուիլակի, եւ թռչունները փախան երկնքէն: Տարօրինակ գլխարկներ, սիպերիական մոյկեր` քնքուշ աղջիկներու մինչեւ ծունկերը, մուշտակներ եւ սեւ-սեւ հովանոցներ ծածկեցին Պէյրութի սեւ-սեւ փողոցները սեւ երկնքին տակ:

Պէյրութցին անձրեւ կ՛ուզէր, բայց ան կը սոսկայ անձրեւէն: Անվտանգ անձրեւ մը. ցուրտ չէ, բայց լիբանանցին, մանաւանդ պէյրութցին կարելի չէ զանազանել ալասքացիներէն:

Իսկ Պէյրութի փողոցնե՞րը…

Լաւ է չմտածել այդ մասին, չտեսնել այդ ցեխոտ լիճեարը, յորդած կոյուղիները: Քաղաքապետութիւններու ուշադրութիւնը, այս օրերուն, տօն օրերուն, ճիշդ է որ ուրիշ տեղ օ (ի վերջոյ տողանցք կայ), բայց Պէյրութի ճամբաները եւ փողոցները արկածախնդրութեան վայրեր են, ուր կարելի է ցեխաջուրի բաղնիք առնել: Ի վերջոյ արդուկիչներն ալ պիտի ապրին:

Շուկայի վրայ մարդիկ դժգոհ են, գործերը` թեթեւ, անձրեւները շատ, մարդիկ տունէն չեն ելլեր:

Տարօրինակ Լիբանան…

ՄԱԿԱՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES