Առօրեայ Վիճակներ. Ահաւասիկ Լա՛ւ Լուր Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ՄԻ՛ ՀԱՇՈՒԷՔ ՁԵՐ ԻՒՐԱՑՈՒՑԱԾ ՋԵՐՄՈՒԺԸ` ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՈՆՔՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ: ԳԷԹ ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆ ԲԺԻՇԿՆԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱՑՆԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»:

Գիտենք, թէ միջերկրականեան սննդականոնը կ՛առնչուի երկարակեցութեան հետ: Նորութիւնը այն է, թէ անիկա նաեւ կը նիհարցէ:
Թէեւ միջերկրականեան սննդականոնը յաճախ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ճարպ եւ ջերմուժ պարունակող ուտելիքներ, սակայն անիկա կրնայ օգնել` պայքարելու համար սոնքութեան դէմ եւ նուազեցնելու սրտի եւ այլ կաթուածներու հաւանականութիւնը:
Բժիշկներ այս մասին կը գրեն «Փոսթկրաճուէյթ Մետիքըլ Ճըռնըլ» թերթին մէջ եւ կ՛ըսեն, թէ ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել ո՛չ թէ մեր սպառած ջերմուժին քանակին վրայ, այլ` ուտելիքներու սննդական արժէքին:
«Ա-լինոլ, փոլիֆենոլ եւ օմեկա-3 թթուները, որոնք առատօրէն կը գտնուին պիստակեղէնի, պտուղներու, բանջարեղէնի, ձէթի եւ ճարպոտ ձուկերու մէջ, շատ արագ ժամանակամիջոցի մէջ դրական ներգործութիւն կ՛ունենան առողջութեան վրայ` մեղմացնելով արեան լերդացումի եւ բորբոքումի վիճակները: Նաեւ արձանագրած ենք այն իրողութիւնը, որ երբ օրուան ընթացքին պտուղի եւ բանջարեղէնի սպառումը կ՛աւելնայ մէկ ժումով, իսկ պիստակեղէնի սպառումը` շաբաթը երկու ժումով, ապա կարելի է մէկ տարուան մէջ աշխարհի տարածքին կանխարգիլել սրտանօթային հիւանդութեան պատճառով արձանագրուած շուրջ 5.2 միլիոն մահերը», ինչպէս կը գրեն բժիշկները:
Ներկայիս Բրիտանիոյ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութեան յանձնարարած ցուցմունքներուն համաձայն, պէտք է սպառել «հաւասարակշռուած եւ ջերմուժը հակակշիռի տակ պահող սննդականոն»` պայքարելու համար սոնքութեան դէմ:
Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակ Ասիմ Մալհոթրա կ՛ըսէ. «Շատ աւելի պատասխանատու ցուցմունք մը կը կատարենք` ըսելով, թէ մարդիկ պէտք է շատ աւելի կարեւորութիւն ընծայեն աւելի սննդարար ուտելիքներ սպառելու»:
«Այս ձեւով անոնք շատ աւելի հզօր դրական ներգործութիւն պիտի զգան իրենց առողջութեան վրայ: Պարագայական փորձարկութիւններ ցոյց տուած են, թէ միջերկրականեան աւանդական սննդականոնը, որ հարուստ է ճարպով, կը նուազեցնէ սրտի եւ այլ կաթուածներու հաւանականութիւնը` գործադրութեան դրուելէ միայն քանի մը ամիս ետք»:
Տեղեկագիրին համաձայն, սոնքութեան համաճարակը ներկայիս տարեկան շուրջ 6 միլիառ փաունտ կը խլէ Բրիտանիոյ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութենէն: Իսկ շաքարախտի հետ առնչուած ուղղակի եւ անուղղակի ծախսերը կը գնահատուին 24 միլիառ փաունտով եւ հաւանական է, որ կրկնապատկուին յառաջիկայ 20 տարիներուն:
Աղքատ սննդականոնը կ՛առնչուի սրտանօթային հիւանդութիւններու, սոնքութեան, թիւ 2 տեսակի շաքարախտի եւ քաղցկեղի բազմաթիւ տեսակներու հետ:

