Առօրեայ Վիճակներ. Կոճակը Սեղմեցէք Համոզումով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ՄԵՐ «ՔԼԻՔ»-ԵՐՈՎ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ «ՔԼԻՔ» ԸՆԵԼԸ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔ ՄԸՆ Է»: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՆԻՒԹԵՐ ՏԱՐԱԾԵԼՈՒ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԱՐՄԱՋԸ` ԱՐԹՆՑՆԵԼՈՎ «ՔԼԻՔ» ԸՆԵԼՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՆՈՐ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:
Երբ «կը սնանինք» համացանցի ընկերային հաղորդակցութեան կեդրոններու մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելով, արդեօք իրապէս «կը սնուցանե՞նք» մեր հոգին:
Խելացի եւ նպատակասլաց բազմաթիւ անձեր կը հաւատան, թէ աշխարհը կը ձեւաւորենք մեր կատարած ընտրանքներով, թէ` մեր ուշադրութիւնը շեղելով «իրերը պարզապէս այսպէս են» ըսելը ընդունելի չէ, ուժերը ջլատող անձնատուութիւն է: Այսուհանդերձ, նոյնիսկ ամէնէն բարի նպատակներով անձեր յաճախ կ՛իյնան այս ծուղակին մէջ, գէթ` վերացական մակարդակի վրայ, կրաւորական, առանց մտածելու ընտրութիւններ կատարելով իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, ինչ որ զիրենք հետզհետէ աւելի կը հեռացնէ այն աշխարհէն, որուն կը ձգտին: Այնպէս` ինչպէս խճողումի մէջ կը մտածենք, թէ պատճառը այլ ինքնաշարժներն են, որոնք ողողած են փողոցները, նոյնպէս ալ հակամէտ ենք մտածելու, թէ մեր մշակոյթին կասկածելի արտադրութիւնները արդիւնք են այլոց կասկածելի ընտրանքներուն: Կը մոռնանք, թէ մշակոյթը միշտ ալ ամբողջութիւն մըն է, որուն միշտ մաս կը կազմենք նաեւ մենք:
Լրագրող, քաղաքական մեկնաբան եւ հաւաքականութիւններ կազմակերպող մասնագէտ Սալի Քոհն «ԹԷՏ» վերլուծական կեդրոնին մէջ դասախօսութեան մը առիթով մեզի կը յիշեցնէ լրատուամիջոցներու նկատմամբ մեր անմիտ եւ անյագ ախորժակը, որ կը ձեւաւորէ նոյն այն մշակոյթը, զոր կ՛արհամարհենք, որովհետեւ այսօր համացանցի կայքերու մէջ «քլիք» ընելը համազօր է լեզուի մէջ սովորամոլութիւններու գործածութեան, եւ որուն հաւաքական բնաջնջումը համազօր է մեր կատարած անձնական ընտրանքներուն ընդհանուր գումարը ջնջելու:
Քոհն կը բացատրէ.

Չէ՞ք սիրեր այն, ինչ որ կը տեսնէք: «Քլիք» մի՛ ընէք:
«Բոլորս կ՛ըսենք, թէ ատելութիւնը լաւ բան չէ: Հարցը այն է, թէ արդեօք պատրա՞ստ ենք որեւէ զոհողութիւն կատարելու` վերջ դնելու համար ատելութեան: Ըսել չեմ ուզեր, թէ պէտք է հրաժարինք համացանցէն: Այլ ըսել կ՛ուզեմ, թէ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մեր «քլիք»-երը, որովհետեւ «քլիք» ընելը հանրային արարք մըն է: Իրերը այլեւս այնպէս չեն, որ հզօր ուժի տէր վերնախաւեր իրենց հակակշիռին տակ պահած են լրատուամիջոցները, իսկ բոլորս կրաւորական ընկալողներ ենք: Հետզհետէ բոլորս կը վերածուինք լրատուամիջոցի: Կը մտածէի, լա՛ւ, վայելուչ հագուստներ կը հագուիմ, կը շպարուիմ, պատկերասփիւռէն լուրեր կը հաղորդեմ, լուրերու մասին կը խօսիմ: Ասիկա լրատուամիջոցի մը հանրային արարքն է, որ կը կատարեմ: Ապա տուն կ՛երթամ, համացանցին վրայ կը նաւարկեմ, կը կարդամ Թուիթըրի վրայ կատարուած յայտարարութիւնները, այսինքն կը կատարեմ լրատուամիջոց մը սպառելու անձնական արարքը: Ըսել կ՛ուզեմ, անշո՛ւշտ այսպէս է, որովհետեւ գիշերազգեստս հագած եմ»:
«Ո՛չ, սխալ է»:
«Ինչ որ կը հրապարակենք պլոկներու վրայ, ինչ որ կը ճռուողենք Թուիթըրի վրայ, ինչ որ «քլիք» կ՛ընենք, մաս կը կազմեն լրատուամիջոց մը ստեղծելու հանրային արարքին: Մենք ենք մերօրեայ խմբագիրները: Մե՛նք կ՛որոշենք, թէ ի՛նչ բան ուշադրութեան արժանի է, երբ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք անոր վրայ: Այսպէս կը գործեն լրատուամիջոցները այսօր: Գոյութիւն ունին թաքուն հանրահաշիւներ (ալկորիթմ), որոնք կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ բան աւելի պէտք է տեսնենք, իսկ այս «աւելին» կախեալ է մեր կատարած «քլիք»-երէն, ինչ որ իր կարգին կը ձեւաւորէ մեր մշակոյթը»:
«Հետզհետէ աւելի աղմկալի այս լրատուամիջոցներուն մղիչ ուժը կը դառնայ յաւելեալ աղմուկ ստեղծելը` լսելի դառնալու համար: Իսկ աղմուկի այս միահեծան տիրապետութիւնը կը քաջալերէ նենգութեան բռնատիրութիւնը»:
«Պայման չէ, որ այսպէս ըլլայ: Այսպէս չէ՛: Կրնանք փոխե՛լ մղիչ ուժը: Օրինակ, սկսելու համար, բոլորս կրնանք դիմել երկու միջոցներու: Առաջին, պէտք չէ մէկ կողմ քաշուինք եւ դիտենք, երբ մէկը յարձակումի կ՛ենթարկուի: Երբ մէկը չարաշահութեան կ՛ենթարկուի համացանցի վրայ, պէտք է միջամտել, բան մը ընել, դառնալ հերոս: Առիթ է այս հերոսանալու, մեր ձայնը լսելի դարձնելու, լաւ անձ դառնալու, ժխտականը դրականով փոխարինելու: Երկրորդ, պէտք է վերջ դնել ամէն ինչի «քլիք» ընելու, հասարակաց ամէնէն ցած յայտարարին վրայ «քլիք» ընելու եւ համացանցի վրայ տեղադրուած ստորին բաները տարածելու մեր սովորութեան»:
«Եթէ իրերը այնպէս են, որ ամէնէն աւելի բազմաթիւ «քլիք»-ներու արժանացողը կը դառնայ յաղթական, ապա կրնանք մեր ցանկացած աշխարհը ձեւաւորել մեր «քլիք»-ներով, որովհետեւ «քլիք» ընելը հանրային արարք մըն է: Ուրեմն` «քլիք» ընենք պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ:

