Առօրեայ Վիճակներ. Ինչո՞ւ Վատ Լուրերը Կը Տիրապետեն Վերնագիրներու Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985badnewsԻՆՉՈ՞Ւ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ԵՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԼՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՎԽՏԱՆ ԱՂԷՏԻ, ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՉ ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ: ՊԱՏՃԱՌԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԱՌԱՆՑ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿԸ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻՆՔ ՃՆՇԻՉ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՀՈԳԵԲԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԹՈՄ ՍԹԱՖԸՐՏ` «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ:

Երբ լուրերը կը կարդանք, մեզի կը թուի, թէ անոնք կը տեղեկացնեն միայն սարսափելի եւ տրամադրութիւն քանդող բաներու մասին: Ինչո՞ւ լրատուամիջոցները կը կեդրոնանան կեանքի մէջ պատահած վատ բաներու վրայ եւ ոչ` լաւ: Իսկ ճնշիչ բաներու նկատմամբ մեր հակումը ի՞նչ կ՛ըսէ մեր մասին:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ միայն վատ բաներ կը պատահին: Թերեւս լրագրողներ հակամէտ են վատ լուրեր հաղորդելու, որովհետեւ յանկարծակի աղէտները շատ աւելի ցնցիչ են, քան` դանդաղ բարելաւումները: Թերեւս լրահաւաքներ կը հաւատան, թէ փտած քաղաքագէտներու կամ դժբախտ պատահարներու մասին տեղեկագիրները աւելի մատչելի են բոլորին: Սակայն աւելի հաւանական է, որ ընթերցողներ կամ ակնդիրներ, այսինքն` մե՛նք, լրագրողներուն վարժեցուցած ենք կեդրոնանալ նման նիւթերու վրայ: Շատեր կ՛ըսեն, թէ պիտի նախընտրէին լսել լաւ լուրեր: Սակայն, արդեօք ճի՞շդ է:

Այս հաւանականութիւնը քննելու համար Մարք Թրասլըր եւ Սթուըրթ Սորոքա փորձարկութիւն մը կատարած են Քանատայի ՄքԿիլ համալսարանին մէջ: Անոնք դժգոհ էին նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներէն: Լուրերու նկատմամբ մարդոց հակազդեցութեան վերաբերող նախկին ուսումնասիրութիւնները շատ ազատ ձեւով կատարուած էին (օրինակ` մասնակցողները ազատ էին իրենց տան մէջ հետեւելու լուրերուն, հետեւաբար նոյնիսկ կարելի չէր գիտնալ, թէ ո՛վ համակարգիչի միջոցով կը ստանար լուրերը) կամ շատ անիրապաշտ էին (մասնակցողները կը հրաւիրէին լուրեր ընտրելու գիտաշխատանոցի մը մէջ, ուր անոնք գիտէին, թէ իրենց ընտրութիւնները հսկողութեան տակ էին): Հետեւաբար ուսումնասիրողներու այս նոր խումբը որոշած էր փորձել նոր ռազմավարութիւն մը` խաբելով մասնակցողները:

Խաբող Հարցումը

Թրասըլ եւ Սորոքա գիտաշխատանոց հրաւիրած են ՄքԿիլ համալսարանէն ուսանողներ` «աչքերու շարժումի քննութիւն մը» կատարելու համար: Կամաւորներուն թելադրուած է լուրերու կայքէջէ մը ընտրել եւ կարդալ քաղաքականութեան վերաբերող նիւթեր, որպէսզի նկարահանումի գործիք մը չափէր անոնց աչքի շարժումները: Անոնց ըսուած է, թէ կարեւոր է իրապէ՛ս կարդալ նիւթերը, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ աչքի շարժումներուն ճիշդ չափերը, սակայն կարեւոր չէ կարդացուած նիւթը:

Նախապատրաստական այս հանգրուանէն ետք մասնակցողները դիտած են կարճ տեսերիզ մը (որ փորձարկութեան գլխաւոր նպատակն էր, ինչպէս ըսուած է մասնակցողներուն, սակայն իրականութեան մէջ պարզապէս բաց մը լրացնող աշխատանք մըն էր): Ապա անոնց հարց տրուած է, թէ քաղաքական ինչպիսի՞ նիւթեր կը փափաքէին կարդալ:

985badnews2Փորձարկութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ամէնէն աւելի կարդացուած նիւթերը վհատեցուցիչ էին: Մասնակցողները յաճախ ընտրած էին ժխտական բովանդակութեամբ նիւթեր, ինչպէս` փտածութիւն, նահանջ, կեղծիք եւ այլն, քան թէ` չէզոք կամ դրական նիւթեր: Անոնք, որոնք աւելի հետաքրքրուած էին այժմէական հարցերով եւ քաղաքականութեամբ, աւելի հակամէտ էին ընտրելու վատ լուրեր բովանդակող նիւթեր:

Այսուհանդերձ, երբ հարց տրուած է այս անձերուն, անոնք պատասխանած են, թէ կը նախընտրեն լաւ լուրերը:  Ուսումնասիրութեան մասնակցողները միջին հաշուով ըսած են, թէ լրատուամիջոցները չափէն աւելի կը կեդրոնանան ժխտական լուրերու վրայ:

Վտանգի Հակազդեցութիւն

Ուսումնասիրողները իրենց փորձարկութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ ամուր փաստ` այսպէս կոչուած «ժխտական բաներու նկատմամբ կողմնակալութեան»: Հոգեբաններ այս եզրով կը բնորոշեն վատ լուրեր լսելու եւ յիշելու մեր հաւաքական մարմաջը:

Ասիկա միայն այլոց տառապանքին ի տես հաճոյք զգալու երեւոյթ մը չէ, ինչպէս կ՛ըսէ հոգեբանական այս տեսութիւնը, այլ արդիւնք է եղափոխութեան մը, որ տեղի ունեցած է, երբ մարդը սկսած է արագ հակազդել հաւանական սպառնալիքներու: Վատ լուրերը կրնան ազդանշանը ըլլալ փոփոխութեան կարիքի` խուսափելու համար վտանգէ:

Ինչպէս այս տեսութիւնը մտածել կու տայ, որոշ ապացոյցներ ցոյց կու տան, թէ մարդիկ աւելի արագ կը հակազդեն ժխտական բառերու: Գիտաշխատանոցներու մէջ կատարուած փորձարկութիւններու ժամանակ, երբ «քաղցկեղ», «ռումբ» կամ «պատերազմ» բառերը կը լուսարձակուին, շատ աւելի արագ հակազդեցութիւն կը ստեղծեն` բաղդատած «նորածին», «ժպիտ» կամ «հաճոյք» բառերուն (հակառակ որ այս հաճելի բառերը քիչ մը աւելի կը գործածուին առօրեայ կեանքի մէջ): Նաեւ հակամէտ ենք աւելի արագ ճանչնալու ժխտական բառերը, քան` դրական, նոյնիսկ ըսելու, թէ բառ մը տհաճ պիտի հնչէ, նախքան գիտնալը, թէ ի՛նչ բառ պիտի լսենք:

Հակամէտ ենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու վերնագիրներու ժխտական բառերուն վրայ:

Հակամէտ ենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու վերնագիրներու ժխտական բառերուն վրայ:

Հետեւաբար, արդեօք վտանգի նկատմամբ մեր շրջահայեացութիւնը միա՞կ բացատրութիւնն է վատ լուրերու մեր ախորժակին: Թերեւս` ոչ:

Թրասլըր եւ Սորոքա նաեւ այլ ձեւով կը մեկնաբանեն իրենց մէկտեղած ապացոյցները. վատ լուրերու ուշադրութիւն կը դարձնենք, որովհետեւ ընդհանրապէս կը մտածենք, թէ աշխարհը աւելի վարդագոյն է, քան ինչ որ է իրականութեան մէջ: Երբ կը մտածենք մեր կեանքին մասին, յաճախ կը հաւատանք, թէ միջինէն աւելի լաւ կ՛ապրինք: Կը հաւատանք, թէ ինչպէս բոլոր սովորամոլութիւնները, կեանքի մէջ ամէն ինչ լաւ աւարտի կը յանգի: Այս պայծառ աշխարհահայեացքը պատճառ կը դառնայ, որ վատ լուրերը շատ աւելի ուշագրաւ եւ ցնցիչ ներգործութիւն ունենան մեր վրայ: Լուսաւոր խորապատկերի վրայ է, որ սեւ կէտերը ամէնէն աւելի ցայտուն կը դառնան:

Հետեւաբար վատ լուրերու վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու մեր հակամէտութիւնը շատ աւելի բարդ բանի մը արդիւնք է, քան` լրագրական աշխարհին մէջ տիրող յոռետեսութեան կամ ներհուն մռայլ հոգեվիճակներէ ծնունդ առած մարմաջի:

Վատ լուրերով լեցուն օրուան մը մէջ այս տեսութիւնը գէթ քիչ մը յոյս կը ներշնչէ մարդկութեան նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES