Պուրճ Համուտի Մէջ Նոր Կառուցուող Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տեսլականն Ու Առաքելութիւնը
Տեսլական
Ազգային Միացեալ վարժարանի տեսլականն է պատրաստել Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ, բարոյական արժէքներու տէր, ազգային ու մարդկային առողջ դաստիարակութիւն ստացած գիտակից, յանձնառու եւ նուիրեալ հայեր ու պարկեշտ քաղաքացիներ:
Առաքելութիւն
Ա.- Ազգային Միացեալ վարժարանը նոր դպրոց չէ, այլ` բնական շարունակութիւնը լիբանանահայ գաղութին մօտաւորապէս դար մը ծառայած մեր ազգային վարժարաններուն:
Բ.- Ազգային Միացեալ վարժարանը կու գայ լիբանանահայ գաղութին ծառայած ազգային մեր վարժարաններուն պաշտպանած արժէքներն ու աւանդը տեղադրելու նոր հունի մէջ` զանոնք պատշաճեցնելով 21-րդ դարու պահանջներուն եւ պայմաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերանորոգ կերպերով պատրաստել ապագայ սերունդներ, որոնք պիտի կարողանան լաւագոյնս դիմագրաւել գալիք ժամանակներու մարտահրաւէրները:
Գ.- Ազգային Միացեալ վարժարանը մանկավարժական հիմնարկ է եւ արդի մանկավարժական չափանիշներ հիմքը կը կազմեն անոր գործունէութեան:
Դ.- Միացեալ վարժարանը հայակերտումի՛ կեդրոն է: Անոր առաքելութիւնը ոչ միայն պատրաստելն է վաղուան հայը իր ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեամբ ու պատասխանատուութեանց յանձնառութեամբ, այլեւ` սփիւռքի տարածքին գործող հայկական կրթօճախներու եւ կառոյցներու համար հանդիսանալ կարեւոր աղբիւր ու ռահվիրայ:
Ե.- Միացեալ վարժարանի կրթական-ուսումնական համակարգը ուսանողներուն մօտ կը հետապնդէ ստեղծագործ մտքի, հետազօտութեան եւ քննական մտածողութեան զարգացում:
Զ.- Միացեալ վարժարանի կրթական-ուսումնական համակարգը կ՛ընդգրկէ այլազան ծրագիրներ, որոնք ուսանողներուն կը մատուցուին իրենց ունեցած կարիքներուն համաձայն:
Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս կը կիրարկուին`
– Լիբանանեան կրթական ծրագիր
– Միջազգային կրթական ծրագիր
– Արհեստից վարժարանի յատուկ ծրագիր
– Արեւմտահայերէնի եւ հայերէնագիտութեան նիւթերու արդիական ծրագիր:
Պուրճ Համուտի Մէջ Նոր Կառուցուող Ազգային
Միացեալ Վարժարանի Կրթական
Խորհրդատուի Պաշտօնի Յայտարարութիւն
Դէպի Ազգային Միացեալ վարժարան տեղափոխութեան նախօրեակին, Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը կը ծրագրէ պաշտօնի հրաւիրել կրթական խորհրդատու մը:
Կրթական Խորհրդատուն պարտի ըլլալ`
ա) Քաջածանօթ լիբանանահայ կրթական կեանքին
բ) Ջատագով հայեցի դաստիարակութեան
գ) Ծանօթ կրթական միջազգային չափանիշներու
դ) Տիրապետած` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներու:
Կրթական խորհրդատուն պարտի ունենալ`
ա) Նախաձեռնող եւ կազմակերպող ոգի
բ) Շրջապատին հետ հեզասահ կերպով հաղորդակցելու կարողութիւն
գ) Աշխատանքային բարոյական բարձր արժէքներ
դ) Կրթական ղեկավարութեան իւրայատուկ հմտութիւններ
ե) Մանկավարժական մօտեցում` հարցերու քննարկման եւ արժեւորման մէջ
զ) Ապացոյցներու հիման վրայ կառավարելու քաղաքականութիւն
է) Վարչական կարողութիւններ
ը) Նիւթականի ապահովման համար անհրաժեշտ ծրագիրներ մշակելու եւ առ որ անկ է զանոնք ներկայացնելու հմտութիւն
թ) Տեղեկատուութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ փորձառութիւն
ժ) Կրթական վարչագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճան (MA in Educational Administration) կամ` համազօր վկայական ու համապատասխան աշխատանքային փորձառութիւն
Մինչեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի բացում, Ուսումնական խորհուրդին հետ գործակցաբար, կրթական խորհրդատուն կ՛իրականացնէ հետեւեալ աշխատանքները.
ա) Կը մշակէ ուսումնական, կրթական եւ մանկավարժական համապարփակ ծրագիր մը` Ազգային Միացեալ վարժարանին համար
բ) Կը մշակէ տնտեսական ծրագիր մը, հարկ եղած կապերը կը ստեղծէ ֆոնտերու եւ բարերարներու հետ եւ կը զարգացնէ դպրոցին նիւթական գործառնութեան պատկերը
գ) Կը ծրագրէ Միացեալ վարժարանին վարչական համակարգը, կը յառաջացնէ տնօրէնութեան, ուսուցչական եւ պաշտօնէութեան կազմերը եւ զանոնք կը մղէ մանկավարժական մշակման եւ հարկ եղած պատրաստութեան
դ) Կը ծրագրէ եւ կը ղեկավարէ աշակերտներու որոնման եւ ընդունման զոյգ գործընթացները
ե) Կը հաստատէ անհրաժեշտ յարաբերութիւններ կրթական մարզէն ներս գործող կառոյցներու եւ հիմնարկներու հետ, ինչպիսիք են` կրթական նախարարութիւն, համալսարաններ, այլ դպրոցներ եւ այլն
զ) Կը մշակէ վարժարանին ներքին քաղաքականութիւնն ու կանոնները
է) Կ՛ունենայ իր ներդրումը դպրոցի ներքին դասաւորման եւ յարդարումի աշխատանքներուն մէջ` մանկավարժական տուեալներու հիման վրայ
ը) Կը ծրագրէ դպրոցներու փոխանցման գործընթացը դէպի Ազգային Միացեալ վարժարան եւ կը հսկէ անոր գործադրութեան
թ) Կը մշակէ արժեւորման համապարփակ ծրագիր մը
ժ) Վարժարանի բացումէն ետք, կրթական խորհրդատուն մաս կը կազմէ տնօրէնութեան կազմին եւ կը հսկէ, որ հաստատութեան մէջ գործադրուի Ազգային Միացեալ վարժարանին համար սահմանուած տեսլականը:
Թեկնածուները պարտին յղել հետեւեալ երկու փաստաթուղթերը ե-նամակի հետեւեալ հասցէին ([email protected]) առաւելագոյնը մինչեւ 27 փետրուար, 2015:
ա) Դիմումնագիր-նամակ մը, որուն մէջ թեկնածուն մանրամասնութեամբ կը պարզէ մանկավարժութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ղեկավարութեան իր փիլիսոփայութիւնը
բ) Մանրամասն CV:

