Տեսակէտ. Մենք` Մեր Ներկան Ու «Ծանօթ» Ապագան
Համադրեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ատենէ մը ի վեր հետաքրքրական իրադարձութիւններ սկսած են կատարուիլ` սփիւռքահայութեան ու նաեւ մեր հայրենիքին վերաբերող: Խօսելով սփիւռքի եւ մանաւանդ անոր մայր գաղութ Սուրիոյ կամ Հալէպի ներկայ իրավիճակին մասին` կը տեսնենք, որ մեզ յուսահատութեան ճամբուն տարած ու արդէն հասցուցած են: Անորոշ վիճակ: Անծրագիր ու անժամանակ արտագաղթ:
Միւս կողմէ, մեկնելով Ազրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակներէն, անոր սպառազինման արշաւէն եւ մանաւանդ Արցախի սահմանին վրայ զինադադարի ամէնօրեայ խախտումներէն` շատերու կարծիքով այս իրադարձութիւնները կը վկայեն, թէ ղարաբաղեան գործընթացը վերջ ի վերջոյ պիտի յանգի պատերազմի: Այլ խօսքով, այսօր ալ հեռու ենք խաղաղութենէն, եւ ղարաբաղեան պատերազմը իր վերջնական աւարտը չէ գտած:
Առաւել, Հայաստան 10 հոկտեմբեր 2014-ին պաշտօնապէս ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միանալու փաստաթուղթերը: Այս կը նշանակէ, որ ԵՏՄ-ի անդամները իրենց խորհրդարաններուն մէջ մինչեւ տարեվերջ եթէ վաւերացնեն պայմանագիրը (որուն կասկած չկայ), 1 յունուար 2015-էն սկսեալ Հայաստանը կը դառնայ ԵՏՄ-ի լիիրաւ անդամ:
Բոլոր այս անցուդարձերը մեծապէս կը մտահոգեն մեզ. նոյնիսկ մեզմէ շատերը վախով, կասկածանքով եւ վերապահութեամբ կ՛արտայայտուին կամ կ՛անդրադառնան այդ մասին:
Փորձագէտներու կարծիքով, կովկասեան շրջանին մէջ 1990-ականներուն Հայաստանին ունեցած դերը, որ մինչեւ հիմա ի շահ իրեն եղած էր, այս օրերուն հաստատապէս փոխուած է: Արեւմուտքին համար այլեւս նպաստաւոր չէ Հայաստանի մենաշնորհի այս կարգավիճակը, որովհետեւ այս ձեւով միայն Մոսկուան եւ Անգարան են գլխաւոր օգուտ քաղողները: Միւս կողմէ, շատ յստակ է, թէ Կովկասի մէջ զէնքի գլխաւոր մատակարարները այս երկու երկիրներն են:
Նաեւ տեսանելի է, թէ Մոսկուան, հակամարտ երկու կողմերուն հետ ալ (Հայաստան եւ Ազրպէյճան) կը համագործակցի, որովհետեւ իրեն համար էական ու առաջնահերթ խնդիր է ամրապնդել իր դիրքը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ազրպէյճանի մէջ:
Այս օրերուն, օտար դիւանագէտներու հաստատումով, Ռուսիա ամէն կերպով խոչընդոտ պիտի ստեղծէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման մէջ իրեն յարմար ճանապարհ մը գծելու համար: Չմոռնանք, որ եթէ անիկա Հայաստանի հետ նոր պարտաւորութիւններ ստորագրէ եւ յանձն առնէ մեր երկրին անվտանգութիւնը, ապա նոյն ատեն, շրջանի ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, ստիպուած պիտի ըլլայ զինելու Ազրպէյճանը:
Այս բոլոր արարքները ցոյց կու տան, որ Կովկասի մէջ Մոսկուան ինքն է գլխաւոր դերակատարը, միակ որոշողը` խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Հոս կարելի չէ ռուսերը մեղադրել, որովհետեւ, եթէ իրենց տեղը ուրիշ մեծ պետութիւն մը ըլլար, նոյնը պիտի ընէր:
Իսկ գալով հայրենի մեր քաղաքական գործիչներուն` պէտք է ըսել, թէ անոնց կարծիքով, հայ-ռուսական համաձայնութիւնները միշտ պիտի ամրապնդեն Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը: Ռազմական առումով, այս մէկը ճիշդ է, եւ ներկայիս Հայաստան այլընտրանք չունի: Անոր համար է, որ մենք մեր քաղաքագէտներէն կ՛ակնկալենք աւելի հասունութիւն, ճշգրիտ եւ դրական հեռանկարներ ու այդ ուղղութեամբ ալ նոր քայլեր:
Դարձեալ օտարներու համաձայն, Երեւան-Մոսկուա այս մերձեցումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի շահերուն դէմ կը նկատուի եւ կը խանգարէ զայն, որովհետեւ այս ձեւով, միակ օգտուողներն են Մոսկուան, Անգարան եւ Թեհրանը, այլ ոչ թէ` Արեւմուտքը:
Համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ շատ յստակ է, որ երբ իրականութիւնը չես հասկցած, կրնաս յանկարծ պատժուիլ, որովհետեւ այդ չհասկնալդ կրնայ սպառնալ նաեւ աշխարհի կարգին ու կանոնին: Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ անցեալ դարու 90-ականներուն սկիզբը, երբ մենք կը կռուէինք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան համար, այս կռիւը ոչ միայն մեր կռիւն էր, այլ` ողջ քաղաքակիրթ աշխարհինը: Հետեւաբար Ղարաբաղի ճակատագիրը միայն մեզի չի վերաբերիր ու միայն մեր գործը չէ, այլեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին հարցն է: Եթէ, Աստուած չընէ, օր մը համայն հայութիւնը որոշէ հրաժարիլ Ղարաբաղէն, ապա մեծ պետութիւնները այդ մէկը պիտի չթոյլատրեն: Ուստի, մենք ոչ թէ մեծ ուժերու կամ զօրեղներու սպասաւորը կամ անոնց կամակատարը պէտք է ըլլանք, այլ մեր շահերէն մեկնած` ըլլանք անոնց գործընկերը:
Առողջ պետութիւնը իր յոյսը օտարներուն վրայ չի՛ դներ: Մեր պատմութիւնը միշտ մեզ դէպի նոյն մարտահրաւէրները առաջնորդած է, ու մենք մեր այս վիճակէն դժգոհած ենք: Անոնց ներկայութեան միշտ քննադատած ենք պատմութեան այս կրկնութիւնը` առանց անդրադառնալու, որ պատմութեան ողբերգական պահերը կը կրկնուին այն ժողովուրդներու ճակատագիրին մէջ, որոնք պատմութենէն դասեր չեն սորված:
Անձնապէս հաւատացողներէն եմ, որ մեր թշնամիները մեզ աւելի լաւ կը ճանչնան, քան` մենք զիրենք: Երբ կորսնցուցած ենք մեր թագաւորութիւնները, մեր ժողովուրդի կենսական շահերը միշտ ռուսերու եւ թուրքերու շահերուն հետ բախում ունեցած են: Պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, թէ իբրեւ երկու հզօր կայսրութիւններ` Ռուսիան ու Թուրքիան, հաւասարապէս, միշտ իրենց դրացիներուն համար վտանգաւոր եղած են: Անոնք միշտ կուլ տուած են բոլոր անոնք, որոնք իրենց ճամբուն վրայ խոչընդոտ հանդիսացած են կամ` իրենց քաղաքական ախորժակներուն արգելք եղած:
Ցարական եւ օսմանեան այս երկու կայսրութիւնները հայերուն նկատմամբ միշտ նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերած կամ որդեգրած են: Պարզապէս մեզի համար մէկը` բարբարոս ձեւով, իսկ միւսը` քաղաքակիրթ եղանակով: Իսկ մենք առաջինին համար ըսած ենք փրկիչ, իսկ երկրորդին համար` չարագործ ու վատ: Երբե՛ք չենք յիշեր, որ 1915-ի ցեղասպանութեան օրերուն, նոյն այս «փրկիչ» կոչուած քրիստոնեայ ազգի բանակները, մէկ խօսքով` ցարական Ռուսիոյ զօրքը, կը գտնուէր ընդամէնը քանի մը ժամերու հեռաւորութեան վրայ այն վայրերէն, ուր թուրքը կը տեղահանէր ու կը ջարդէր մեր անմեղ ժողովուրդը: Այդ օրերուն ռուս բանակին դիմաց թրքական ճակատ գոյութիւն չունէր: Եթէ այդպէս էր, հապա ինչո՞ւ մեր «փրկիչ»-ը չէր միջամտած ու մեզ փրկած:
Ապա, անկէ ետք, մենք տասնամեակներով շարունակած ենք իրարու հետ վիճիլ ու իրարու թշնամանալ, թէ` որո՞ւ պէտք է տանք նախապատուութիւնը, որո՞ւ բարեկամը պէտք է մնանք, որո՞ւ պէտք է վստահինք, եւ վերջապէս, որո՞ւ պէտք է ուղղենք մեր հայեացքը:
Կը կարծեմ, որ այս եւ բոլոր նախկին պարագաներուն, ընտրութեան հարց չենք ունեցած: Ուստի մեզի կ՛իյնայ պարզապէս փոխել մեր մտածելակերպն ու մօտեցումը: Կը հաւատամ նաեւ, որ առողջ ազգերը նման ընտրութեան առջեւ կանգ չեն առներ, այլ ընդհակառակը, անոնք կը շարունակեն կառուցել իրենց երկիրը: Անիմաստ բանավէճեր չեն ըներ, թէ` որո՛ւ հետ պէտք է ըլլան կամ մնան: Ժամանակը եկած է, որ մենք ալ առողջ կեցուածք ունենանք` միաժամանակ յարգելով մենք զմեզ, այլապէս կրնանք վտանգել մեր ապագան: Միւս կողմէ, նաեւ պէտք է հասկնանք, որ ներկայիս մենք եւ համայն Մերձաւոր Արեւելքը գործ ունինք նոր Թուրքիոյ հետ: Այս վերջինը նախկին քեմալական Թուրքիան չէ, այլ` իր ինքնութիւնը օսմանեան անցեալին մէջ փնտռող պետութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ այդ շրջանի հորիզոնին վրայ կայ ուրուագիծը Ռուսիա-Թուրքիա-Սուրիա-Իրան ռազմավարական առանցքին, որ մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Ռուսիոյ` իր ներկայութիւնը հաստատելու ամէն տեղ, նոյնիսկ` Ազրպէյճանի մէջ: Այս պարագային, ինչպէս օտար շրջանակներ կը հաստատեն, թուաբանական պարզ հաշուով, հայերս կ՛իյնանք ծուղակը եւ կրնանք իբրեւ փրկագին վճարել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Բայց… բայց նաեւ չմոռնանք, որ յոռեգոյն պարագային, Արեւմուտքը թոյլ պիտի չտայ, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան միասին ղեկավարեն Կովկասը: Այս բոլորը կը յիշենք, որովհետեւ չենք ուզեր մեծ հաւատք ընծայել ո՛չ թուրքին, ո՛չ ալ ռուսին, որոնք տեղ մը անպայման միասնական շահերու զուգընթաց մը ունին` մե՛ր հաշուոյն:
Վերստին թերթատելով մեր պատմութիւնը` չենք ուզեր գոհանալ բառերու սուտ խանդավառութեամբ: Կը կարծեմ, որ մեզի կ՛իյնայ մէկդի նետել նաեւ սուտ գթութիւնները: Ուրեմն, ամէն բան կախուած է մեր ճի՛շդ խաղէն: Պէտք է ըլլալ զգուշ` այս նոր վիճակէն հնարաւոր ու պատուաւոր կերպով դուրս գալու համար, այլապէս ստիպուած կ՛ըլլանք կրկին մեր յոյսը դնելու օտարին վրայ:
Իսկ վերջաւորութեան, որպէսզի ապահով ու հանգիստ ապրինք, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է արագօրէն վերջ մը ունենայ:

