Խմբագրական «Հայրենիք»-ի . «Ոչ Թռիչքային» Մարտավարութիւն
1994-ին, Արցախի ազատագրումէն ետք, նոյեմբեր 14-ին պատահած դէպքը ամէնէն աւելի ծանրն էր, շատ աւելի վտանգաւոր եւ մտահոգիչ, քան` ամիսներ առաջ` անցեալ յունիսի աւարտին, Քարվաճառի շրջան թափանցած եւ Արցախի իրաւապահներուն կողմէ ձերբակալուած ազերի հետախոյզներու դէպքն ու անոր յաջորդող Արցախի եւ Ազրպէյճանի զօրքերուն շփման գիծի հիւսիսարեւելեան` Մարտակերտ տարածաշրջանի ուղղութեամբ, Պաքուի ձեռնարկած հետախուզական ներթափանցման լայնածաւալ գործողութիւնները, որոնք աւարտեցան հայկական կողմին մահացու պատասխանով:
Դեռ թարմ էին այս պատահածները, ու ահաւասիկ աւելցաւ ռազմափորձերու մասնակցող հայրենի ուժերուն պատկանող ուղղաթիռին ցաւալի պատահարը:
Այս յարձակումով Ալիեւ անգամ մը եւս կը փորձէր վերյիշեցնել, թէ Արցախի ամբողջ տարածաշրջանը եւ գրեթէ երեք տարիէ ի վեր գործելու պատրաստ Ստեփանակերտի օդակայանը կը նկատուի անբաղձալի «ոչ թռիչքային» գօտի:
Դէպքը պատահեցաւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան զօրքերու հրամանատար, զօրավար Զեքայի Աքսակալընի Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ տեսակցութենէն եւ հայ-ազրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գիծ այցելութենէն հազիւ շաբաթ մը ետք:
Դեռ աւելի՛ն. Պաքու, որ թէ՛ ռազմական (հակաօդային արդի կազմուածներ եւ Միկ 29 տիպի արդի հալածիչներ) եւ թէ՛ քաղաքացիական օդանաւորդութեան (արդի Պոյինկ 787 «Տրիմլայն» տիպի օդանաւեր, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի գործածուին անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր գործող Պաքու – Նիւ Եորք գիծին համար) բնագաւառէն ներս շարունակ կ՛օժտուի արդի կազմածներով, քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան տեղեակ պահած է, թէ Արցախի շրջանէն որեւէ թռչող օդանաւ վար պիտի առնուի…
Անշուշտ դէպքին յաջորդող օրն իսկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ուղղաթիռով ժամանեց Ստեփանակերտի օդակայան` անուղղակիօրէն պատասխանելով Ալիեւին, թէ այդ օդային «անձեռնմխելի գօտի»-ն, պարզապէս Պաքուի կողմէ երեւակայուած մտայղացում մըն է:
Այսպէս է Ալիեւի ղեկավարութեան որդեգրած մարտավարութիւնն ու ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւնը: Սակայն տեղին է նաեւ դիտել այս յարձակողական քաղաքականութիւնը` Ալիեւի այլ մութ հաշիւները նկատի ունենալով:
Այս արարքով Ալիեւ առաջին հերթին կը միտի իր երկրի տեղացիին եւ յատկապէս ընդդիմադիր ճակատին փոխանցել պատգամ մը: Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, բազմիցս ցոյցեր կը կազմակերպուէին, յատկապէս` անհասկնալի եւ մութ պայմաններու տակ մահացած բանակայիններու ընտանեկան պարագաներուն եւ մօտիկ բարեկամներուն կողմէ` քննադատելով եւ հաշիւի կանչելով Ալիեւի ղեկավարութիւնը: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, 2003-էն ի վեր վեց հարիւրէ աւելի ազերի բանակայիններ մահացած եւ գրեթէ նոյնչափ ալ` վիրաւորուած են:
Այս «Ոչ թռիչքային» մարտավարութեամբ եւ արարքով, Ալիեւ նաեւ կը փորձէ այլ բարդ կացութիւն մը կանխել: Արդարեւ, հետզհետէ բարձրացած է այն ազերիներու թիւը, որոնք մեկնած են Սուրիա` կռուելու եւ մաս կազմելու զանազան ծայրայեղական կազմակերպութիւններու: Այս արտագաղթող մարտիկներուն մեծամասնութիւնը միացած է սիւննի ծայրայեղականներու, կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը` կազմուած շիի յարանուանութենէն, որ միացած է Ասատի ուժերուն: Վերոյիշեալ երկու կողմերուն ի նպաստ գործող այս կռուողները ապագային վերադառնալով` կրնան կացութիւն մը ստեղծել Ազրպէյճանի մէջ` զանազան շրջաններէ ներս անջատողական հոսանքներ ստեղծելով, անշուշտ նաեւ` Արցախի հիմնահարցին մէջ դեր ունենալով:
17 նոյեմբեր 2014

