Հիւանդանոցներու Տագնապ
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ինչպէս գիտենք, Լիբանանի բնակչութեան թիւը արտակարգ ձեւով աճ արձանագրեց: 2010-ին երեք միլիոն հինգ հարիւր հազար հաշուող Լիբանանը այսօր հինգ միլիոնը անցած է:
Բնականաբար զանազան բնագաւառներուն մէջ տագնապներ ստեղծուած են, ոմանք տանելի, ոմանք անտանելի, իսկ ոմանք ալ` մտահոգիչ:
Այսօր, փաստօրէն, մտահոգիչ մարզերէն մէկը կը նկատուի հիւանդանոցներու իրավիճակը: 2010-ին արդէն հիւանդանոցները կը դիմագրաւէին պիւտճէական եւ մարդուժի տագնապ: Պետական ապահովագրութեան սնտուկներու վճարման ուշացումները, պետական նպաստներու կուտակումը եւ հիւանդապահներու թիւի նուազումը ընդհանրապէս տագնապ ստեղծած էին:
Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին 108 հիւանդանոցներ` 9000 անկողիններով: Պետական հիւանդանոցներու անկողիններու թիւը կը հասնի 1500-ի:
Երեքուկէս միլիոնի համար պատրաստուած հիւանդանոցներու այս ցանցը այսօր ստիպուած է ծառայելու հինգուկէս միլիոն բնակչութեան` անկախ սուրիական պատերազմին պատճառով հոնկէ հասնող եւ շտապ օգնութեան կարիք ունեցող վիրաւորներէն:
Բնականաբար հիւանդանոցները միշտ լեցուն են: Բնականաբար տեղի, սպասարկութեան եւ ծառայութեան մակարդակի անկում կայ: Մասնագէտ հիւանդապահներու արտագաղթը մեծապէս ազդած է նաեւ ծառայութեան մակարդակին վրայ: Կարգ մը հիւանդանոցներ ստիպուած` որոշ բաժանմունքներ սկսած են փակել մասնագէտ հիւանդապահներու չգոյութեան պատճառով:
Մէկ խօսքով, Լիբանանի մէջ գործող հիւանդանոցները լուրջ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուին:
Հիւանդանոցներուն միակ եկամուտը անձնական հիւանդները եւ ապահովագրական ընկերութիւններն են: Ապահովագրութեան սնտուկի եւ պետական ծառայութիւններու գումարները նախ մէկէն երկու տարուան ընթացքին կը գանձեն եւ երկրորդ` անոնք շատ անբնական ձեւով ցած են: Ճիշդ այդ պատճառով կարգ մը հիւանդանոցներ պետական ծածկոյթէն անկախ գումարներ կ՛ուզեն, որպէսզի իրենց անմիջական ծախսերը փակեն:
Վերջին տարիներուն հիւանդանոցներու ծառայութիւնները հսկելու միտումով Հիւանդանոցներու սենտիքան որոշեց հիւանդանոցները միջազգային չափանիշներով դասելու աշխատանքի սկսիլ, ինչ որ ինքնին հիւանդանոցներու համար նոր ծախս եւ նոր մարտահրաւէր կը ստեղծէ:
Պէտք է նշել նաեւ, որ կարգ մը հիւանդանոցներ այսօր պայմանները կը չարաշահեն եւ պարզ հիւանդներու տեղ չեն տար` ըսելով, որ ազատ անկողին չունին, որպէսզի ընդհանրապէս իրենց տեղերը պահեն գեղեցկագիտական գործողութիւններու, որոնց ենթարկուողներէն թէ՛ աւելի գումար կը գանձեն եւ թէ՛ աւելի քիչ ժամանակուան համար անկողին կը տրամադրեն: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանը ծանօթ է գեղեցկագիտական գործողութիւններու մարզին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներէն ու արաբական աշխարհէն եւս մեծ թիւով անձեր նման գործողութիւններու համար Լիբանան կու գան:
Այս բոլորը կը մատնանշենք ըսելու համար, որ լիբանանցիները ապահովագրութիւն ունին կամ ոչ, հիւանդանոցներու մէջ տեղի լուրջ տագնապ կ՛ունենան, մանաւանդ` համալսարանական հիւանդանոցներուն մէջ:
Միակ յուսադրիչը այն է, որ Պէյրութի մէջ գործող հիւանդանոցներու ընդարձակման աշխատանքներ սկսած են, Սեն Ժորժ (յունական), Լիբանանեան (Ժեհթաուի), Ռոզեր (նախապէս Հատետ) հիւանդանոցները շինարարական մեծ ծրագիրներ կ՛իրագործեն եւ անոնց անկողիններուն թիւը մինչեւ 2015 ամառ պիտի կրկնապատկուի:
Սակայն, ինչպէս գիտէք, Լիբանանը համայնքային երկիր է, եւ մենք իբրեւ համայնք` հիւանդանոց չունինք, իսկ հայութեան իննսուն տոկոսը հանգիստ կը զգայ Մեթնի մէջ գտնուող հիւանդանոցներուն մէջ, նոյն պատճառով բոլոր հիւանդանոցներուն հետ մեր կապը կը մնայ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ` առաւելագոյն չափով ծառայելու համար մեր համայնքի զաւակներուն:
Քաղաքացիական պատերազմի օրերէն ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը կը նախընտրէ Մեթնի հիւանդանոցները: Դժուար պայմաններու մէջ գտնուող բոլոր հիւանդանոցները սպասարկութեան եւ սակագինի հարց ունին:
Լիբանանցի քաղաքացին հոս ալ գինը սուղ կը վճարէ, որովհետեւ յստակ սակացոյցներ գոյութիւն չունին, եւ իւրաքանչիւր հիւանդանոց իր հայեցողութեան ու հիւանդի կարգավիճակին համեմատ սակացոյց մը կը պարտադրէ:
Հիւանդանոցներու տագնապը այսօր կը լրջանայ, եւ բոլոր հիւանդանոցները տեղի մտահոգիչ հարց ունին: Կեանքի սղաճը եւ տեղի տագնապը կու գան նոր հոգ մը աւելցնելու լիբանանցի քաղաքացիին արդէն իսկ ծանրաբեռնուած ուսերուն:

