Հայկական Դիմագիծի Ու Խորքի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քիչ մը ամէն տեղ եւ շատեր «հարիւրամեակ»-ի ջերմով վարակուած են, սրբացումէն հրատարակութիւններ, դեռ ժամանակ կայ իմանալու, թէ տպաւորիչ ինչե՜ր նախատեսուած են:

Սփիւռքի տասը միլիոն հայերը ինչպէ՞ս զօրաշարժի պիտի ենթարկուին: Կարելի՞ է այդ տասը միլիոնը զօրաշարժի ենթարկել: Եթէ առարկայական ըլլանք մեր մօտեցումներուն եւ դատումներուն մէջ, պիտի հասկնանք, որ այդպէս գնահատուած տասը միլիոնէն, բախտաւոր պարագային, մէկ միլիոնը ոտքի պիտի կանգնի, պիտի յիշէ, պիտի մասնակցի… Կ՛ըսեմ` մասնակցի, այսինքն կարգախօս չկրկնէ: Այս լքումը մասնաւորաբար հայկական սփիւռք(ներ)ի պարագային նկատելի եղած է եւ կրկին այդպէ՞ս պիտի ըլլայ:

Ինչո՞ւ լքումներու պատճառներուն եւ անոնց չէզոքացման վրայ չենք կեդրոնացներ մեր ուշադրութիւնը, սրտցաւ խօսքէն եւ կարգախօսային ճառերէն անդին` դարմաններ գտնելու ճիգին վրայ, մերժելով բաւարարուիլ հոգեպարար խօսքով եւ ալ ժամանակավրէպ դարձած մարդորսութեամբ: Եթէ աղարտուի հայկական դիմագիծը (կամ արդէն աղարտուած է` աճեցնելով ծագումով հայերու շարքերը), եթէ զանգուածները հետզհետէ կորսնցուցած են հայկական խորքը (այս խորքը ո՛չ վկայական է, ո՛չ դրամատան հաշիւ), ամպագորգոռ ճառերը զանգուածները ոտքի չեն հաներ, նոյնիսկ` եթէ տպաւորիչ սրահները յուզեն եւ պատերու քարերը ցնցեն ծափերով եւ բարձրախօսներով:

Այս հարցերուն մասին մտածեցի, երբ կը խօսէինք, Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ: Հայկական դպրոցի մանուկները, նոյնիսկ` հայախօս հայր եւ մայր ունեցողները, իրարու հետ անգլերէն կը խօսին: Անոնց առօրեային մէջ «հայկականութիւն»-ը տեղ չէ գտած, չենք յաջողած ազգային լեզուի լիարժէք գիտակցութիւն ջամբել: Քանի մը երգ, ան ալ հանդէսի մը, կամ պար, որքան որ ալ հաճելի ըլլան լսելու եւ դիտելու համար, բաւարար չեն արմատներու ինքնուրոյնութեան եւ խորքի (զգալու ենթահող պատրաստող) աստիճանական կայացման համար: Գիտենք, որ շրջապատի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին դիմադրել դժուար է (բայց` ոչ անկարելի): Ինչպէս ամէն դիմադրական շարժում, այս մէկն ալ կը ծրագրուի, կը կազմակերպուի, կեանք կ՛ունենայ ընտրանքներով, ոչ ճեղքերը ծեփելու կոչուած կիսամիջոցներով, մարդկային (ոչ սիրողական) եւ նիւթական ներդրումներով:

Այս հարցերուն մասին կը մտածէի, երբ կը կարդայի Պօղոս Սնապեանի «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գիրքին երկրորդ հատորը (2002 Պէյրութ, 230 էջ): «Առաջին անձրեւը» պատումը կը վերաբերի համեստ ընտանիքներու զաւակներուն, որոնք անձրեւէն չպաշտպանուող դասարաններու մէջ հայերէն կը սորվին, ուր նոյն պայմաններուն մէջ լաւին յոյսը ունեցող ուսուցիչներ հայերէն կը սորվեցնեն: Տանիքի թիթեղներուն վրայ մատնահարող անձրեւը, ոտքերուն տակ լճացած ջուրը արգելք չեն եղած, որ հազիւ թէ պատանի հայ տղաքը, չես գիտեր` ո՛ր հրաշքով, հայկական խորք ունենան: Թէեւ եղածը հրաշք չէ, այլ` գիտակցական ըմբռնումով ժառանգութեան փոխանցում:

Պօղոս Սնապեան կը պատմէ.

«Տղաքը շեշտակի ինծի կը նայէին, արտասովոր մտահոգութիւն մը մատնելով: …Տանիքին բացուածքներէն անձրեւին կաթիլները նստարաններուն վրայ փշրուելով կը ցայտէին շատերուն վրայ, բայց այս մասին սովորական բողոքներ չէին լսուեր:… Բացած էին հայերէնի դասագիրքերը եւ օրուան դասին` Դերենիկ Դեմիրճեանէն վերցուած կտորին «Արծուի»-ն վրայ կանգ առած էին բոլորն ալ: Դաս սորվողի հետաքրքրութիւն մը չէին մատներ սակայն: Տարբեր խորհուրդ մը կը վարէր զիրենք: Կը նայէին գրագէտին նկարին, իրարու, ինծի: Կը թուէր, թէ բան մը կ՛ուզէին, որ աւելցնեմ իրենց գիտցածին վրայ…

«- Պարո՛ն, Դերենիկ Դեմիրճեանը մեռեր է,- գուժեց մէկէն Անահիտ…

«- Եօթանասուն ինը տարի ապրեր է,- ըսաւ Յակոբ:

«- Ծնած է 1877-ին, մեռած է 1956 դեկտեմբեր 6-ին,- կարդաց Յարութիւն` գիրքին վրայի կենսագրական բաժնին մէջ մատիտով աւելցնելով մահուան թուականը:

«- Լա՛ւ որ թուրքերը չեն մեռցուցած զինք,- խօսեցաւ կրկին Անահիտ, խռով ձայնով մը»:

Յապաւումներով մէջբերեցի հատուածը: Հիւղաւանի դպրոցի նախակրթարանի տղաքը, իրենց պարզութեամբ, կը վկայեն դիմագիծի եւ խորքի մասին: Դաս եւ տան մէջ լսուած հայերէն լուր ընկալուած են: Այսօր հայկական վարժարաններու ո՞ր աշակերտները «կը լսեն» հայ գրողի կամ բանաստեղծի մահը, չեմ խօսիր նման մահով տխրելու մասին: Բայց անոնք հաւանօրէն, զանգուածային կերպով, տեղեակ են արտառոց տարազներով բեմի վրայ գալարուող հայ եւ օտար երգիչներու անուններուն… եւ բնական է, որ ունենան անոնց դիմագիծը եւ խորքը: Այսօր կրնա՞ք գտնել հայ աշակերտներ, որոնք յուզումով ըսեն, թէ մեռած է բանաստեղծը կամ գրողը: Կամ կը յիշեն, որ հայ գրողներ ջարդուած են թուրքերու կողմէ (եւ անոնց հոգեկան աշխարհը չէ խանգարուած):

Հաւաքաբար տեղի տուած ենք, պարտուած, բայց պահած ենք մեր սնափառութիւնները:

Ամեակներու նշումը` անկախութեան, Ցեղասպանութեան, միութեան մը, մէծ դէմքի մը, պիտի ըլլայ այն կայծը, որ նոր սերունդը ինքզինք տեսնէ իր ժողովուրդին մէջ, հպարտութիւն նուաճէ իր ժողովուրդին մէջ եւ անոր արժէքներով: Բայց այս չէզոք խօսքը ճառ է, բան չի նշանակեր:

Անցեալի քննադատութիւնը եւ ապագայի կառուցման տեսիլքը կը գտնուին հետեւեալ եռեակ հարցումին մէջ. «Ի՞նչ պէտք է ընել, չենք ըներ եւ չենք ըրած»: Կրկին յիշենք Մեծն Սոկրատը, որ իմաստութեամբ կ՛ըսէր, թէ` «հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները»: Երբեմն այս եռեակ հարցումը պէտք է կրկնել ժողովներու եւ համաժողովներու մէջ:

Տեղ մը, պահու մը, կարեւոր եւ կամ անկարեւոր ազդակներու ճնշման ներքեւ, կայծ չէ տրուած եւ կայծը ստացողներն ալ կորսնցուցած են կայծ սպասելու ունակութիւնը:

Հարիւրամեակի փողերը եւ բարձրախօսները երբ լռեն, ջահերը մարին, սերունդները իրենց ինքնութիւնը պիտի գտնե՞ն, այդ ինքնութիւնը տալ պիտի ծրագրե՞նք: Եւ ինչպէ՞ս պիտի ընենք այդ ծրագրումը: Պիտի մտածե՞նք, որ դասական եղանակները փակուղի տարած են մեզ: Հարիւրամեակի աւարտին պիտի ունենա՞նք էսթեպլիշմընթային տխրութիւններէ, կողմնապաշտութիւններէ եւ ամլութենէ ազատագրուած ապագայատես նոր ղեկավարութիւն, որ ընդգրկուի վերականգնումի ղեկավարումի ընթացքին մէջ:

Հայաստանի տարածքը մէկ թիզ աւելցած պիտի ըլլա՞յ:

Եթէ տեղեակ ըլլայինք, եթէ գրականութեան մէջ քնացող մեր արժէքները եւ իմաստութիւնը իւրացուցած ըլլայինք, անոնք ներշնչէին մեր ներկան եւ գալիքը, ապահովաբար մեր վաղը աւելի լաւ կ՛ըլլար:

Պարզ է: Երբ ազգային ըմբռնումով եւ սեփականի տիրութեամբ գործէինք, չտարուէինք հակամշակոյթ յորձանքով, յանուն պատշաճեցումներու` չմշակէինք տեղատուութիւններու տխրութիւնը, Ֆիլատելֆիայի հայ մանուկը տան մէջ հայերէն պիտի խօսէր, հայերը Նոր Զելանտա կամ Իրքուցք պիտի չհասնէին, հայը պիտի գիտնար, որ հայ գրականութեան անձնագիրը հայերէնն է, պիտի չծափահարէինք օտարագիր հայածնունդ հեղինակը:

Հարիւրամեակի յաջորդ օրը կը սկսի՞ հրավառութենէ տարբեր մեր նոր յեղափոխութիւնը:

Իսկ իրաւ յեղափոխութիւնը կ՛ենթադրէ յանդգնութիւն` երբեմն թապուլա ռազա ընելու:

Յեղափոխութիւնը աւելի լաւի ձգտում է, որ կ՛ենթադրէ որոշ խզում, առնուազն` խորհրդանշական եղանակով, գիտնալով, որ միշտ շարունակականութիւն մը կայ: Մենք այդ շարունակականութիւնը կորսնցուցած ենք առանց յեղափոխութեան, այլ` տեղատուութեամբ:

Այսօր տեղատուութեան եւ անոր սեւ ասպետներուն  թապուլա ռազան պէտք է ընել, որպէսզի հայ տղան հասկնայ եւ կորուստի ցաւ ունենայ, երբ «Դերենիկ Դեմիրճեան» մը անհետանայ:

Յիշե՞մ չանհետացած մոռցուողները…

 

 

14 նոյեմբեր 2014, Քուինզ, Նիւ Եորք

Share this Article
CATEGORIES