Հայաստանի Միջազգային Պահուստները Նուազած Են 600 Միլիոն Տոլարով
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է միջազգային պահուստներու տուեալները 2014 թուականի Գ. եռամսեակին մէջ: 2014-ի սկիզբը ունեցած ենք 2 երկիլիոն 200 միլիոն տոլարի պահուստ, իսկ վերջին տուեալով` մեր միջազգային պահուստները կրճատուած են մօտաւորապէս 30 առ հարիւրով, կամ որ նոյնն է` 600 միլիոն տոլարով` կազմելով 1.6 երկիլիոն տոլար: Միջազգային պահուստներու կրճատման հիմնական պատճառը օտար դրամանիշի սակաւութիւնն է Հայաստանի մէջ, իսկ օտար դրամանիշ Հայաստան կը մտնէ հիմնականին մէջ փոխանցումներու, արտահանման եւ ներդրումներու միջոցով: 2014 թուականը, սակայն, տնտեսութեան 3 ուղղութիւններու համար ալ անբարենպաստ եղած է, որովհետեւ փոխանցումներու եւ արտահանման պարագային նկատելի է աճի կշռոյթի դանդաղում, իսկ ներդրումները ընդհանրապէս շարունակած են կրճատուիլ:

