Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Չինաստան Մեկնած Է
Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն ստացած հրաւէրին ընդառաջելով` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փեքինի մէջ այս օրերուն կը մասնակցի «Յաղթանակ համագործակցութեան միջոցով` ստեղծելով միացեալ ճակատագիրով ասիական համայնք» խորագիրով Խիանկշանի Ե. համաժողովին, որուն ընթացքին կը քննարկուին շրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան խնդիրներ, ծովային անվտանգութեան եւ հակաահաբեկչական համագործակցութեան առնչուած հարցեր:
CATEGORIES Հայկական

