Փութին Պարգեւ Շնորհած Է Հայաստանի Նախագահի Խորհրդականին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով պետական պարգեւներ շնորհած է շարք մը երկիրներու պաշտօնատարներու, որոնց կարգին` Հայաստանի նախագահի խորհրդական Կարինէ Մինասեանին` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ առեւտրական-տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու համար:

