Աննախընթաց Եւ Յատուկ Գործողութեան Մը Ընթացքին. Հայկական Զինեալ Ուժերը Վերադարձուցին Կործանած Ուղղաթիռի Անձնակազմի Դիակ Մը Եւ Մասունքները

Երեք նահատակ զինուորները
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներու իրականացուցած գործողութեան արդիւնքով անցնող շաբաթավերջին տարհանուած են Ազրպէյճանի կողմէն կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկուն անշնչացած մարմինը, երկու օդաչուներուն մասունքները եւ կործանուած ուղղաթիռէն կարգ մը անհրաժեշտ մասեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ նկատի առնելով ազրպէյճանական կողմի պաշտօնական յայտարարութիւններն ու բանականութեան ի սպառ բացակայութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ստիպուած դիմած են յատուկ նշանակութեան գործողութեան` 12 նոյեմբերին հակառակորդին կողմէ կործանուած ուղղաթիռին խնդիրը լուծելու համար:
Գործողութեան իբրեւ հետեւանք դէպքի վայրէն տարհանուած են ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկուն անշնչացած մարմինը, երկու օդաչուներուն մասունքները եւ կործանուած ուղղաթիռէն կարգ մը անհրաժեշտ մասեր:
Ազրպէյճանի Կորուստները Այնքան Շատ Են, Որ
Հրամանատարը Պաշտօնանկ Ըրած Են

Արծրուն Յովհաննիսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է. «Փաստօրէն Ազրպէյճանի կորուստները շատ են եւ այնքան շատ, որ հրամանատարը պաշտօնանկ ըրած են: Հետաքրքրական է, թէ զիրենք պաշտօնէն ազատ կացուցած են այս կորուստներուն, թէ՞ ուղղաթիռը զարնելու համար: Նկատի առնելով հակառակորդի չափազանց մեծ կրակային եւ այլ հակազդեցութիւնները, այս գործողութիւնները բնոյթով եւ բարդութեամբ աննախադէպ էին: Կատարողականութիւնը ուղղակի փայլուն է` նկատի առնելով նաեւ հակառակորդին ոչ փոքր կորուստները, որոնք ծուղակ էին: Տակաւին քանի մը օր պիտի լսենք անոնց անունները, որոնք բնականաբար մահացած կ’ըլլան տարբեր դժբախտութիւններէ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յատուկ նշանակութեան ուժերը իրենց տօնի օրը փայլեցան, փառք անոնց: Կատարուած է համաշխարհային մակարդակի փայլուն գործողութիւն, իսկ սեւ հրանօթները կը լռեն»:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է հայկական յատուկ գործողութեան մասին տեղեկութիւնը:
Մովսէս Յակոբեան. «Շփման Գիծին Վրայ
Իրադրութիւնը Վերահսկելի Է»

Մովսէս Յակոբեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործողութենէն եւ կործանուած ուղղաթիռի անդամներուն տարհանումէն ետք իրադրութիւնը շփման գիծին վրայ վերահսկելի է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին խօսքով` ուղղաթիռի անձնակազմի զոհերուն աճիւնները արդէն փոխանցուած են իրենց հարազատներուն:
«Կրակահերթեր միշտ կան, սակայն վիճակը վերահսկողութեան տակ է», ըսած է Յակոբեան:
Օհանեան. «Հայկական Կողմը
Հմտութեամբ Գործած Է»

Սէյրան Օհանեան
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` մեկնաբանելով հայկական զինուած ուժերու` 12 նոյեմբերին ազրպէյճանական կողմէն կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմի դուրս բերման գործողութիւնը, կը յայտնէ. «Մեր դրացիներուն պետական կարծր դիրքորոշումը, բանականութեան բացակայութիւնը եւ ուղղաթիռի կործանումէն ետք մարդասիրական չափանիշերուն համաձայն` օդաչուները յանձնելու գծով ժխտական կեցուածքը ստիպեց հայկական կողմին յատուկ գործողութիւններու դիմել», ըսաւ Սէյրան Օհանեան` ընդգծելով, որ հայկական կողմը հմտութեամբ գործած է, ուսումնասիրած է ուղղաթիռի կործանման վայրը եւ ոչնչացուած է հակառակորդին ծուղակը:

