Նալբանդեան Շուէտ Կ՛այցելէ
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Վալստրիոմի հրաւէրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 24-25 նոյեմբերին պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Շուէտ:
Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած են նախարար Նալբանդեանի հանդիպումները Շուէտի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ:
Այցելութեան ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան խօսք պիտի առնէ Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան հարցերով հետազօտական հիմնարկին մէջ:
CATEGORIES Հայկական

