Պըրրի Ընդունեց Ուալիտ Նասսարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարը:
Այս հանդիպումին ընթացքին Նասսար Պըրրիին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց պասքեթպոլի մարզին վերաբերող հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:
Նասսար Պըրրին շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ մօտէն հետաքրքրուած է այս մարզաձեւով:
CATEGORIES Մարզական

