«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՍԵՐՃԻՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԿԱԶՄԸ` ՓԵՐՈՒ, ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի 3-րդ դիրքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Փերու եւ Վենեզուելա:
Հայազգի մարզիչ Սերճիօ Մարգարեանի կազմը` Փերու, իր մրցակիցը 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Փերուի մարզիկները, Մարգարեան եւ խումբին պատասխանատուները իրենց մետալները ստացան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրէն:
Փերուի յառաջապահ Փաուլօ Կէօրերօ հեթրիք մը իրագործեց, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Ուիլիամ Շիրոքէ: Խուան Արանկօ նշանակեց Վենեզուելայի կոլը, մինչ անոր խմբակից Թոմաս Ռինքոն կարմիր քարտ մը ստացաւ:
CATEGORIES Մարզական