Հրաչեայ Ներսիսեան (1895-1961). Հայ Բեմի Ազնուական Վարպետը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
24 նոյեմբերին մեր ժողովուրդը նշեց ծննդեան տարեդարձը հայ բեմի մեծարժէք վարպետներէն Հրաչեայ Ներսիսեանին, որ, թէեւ երկարատեւ կեանք չունեցաւ, բայց իր հանճարեղ արուեստով ու ազնուական նկարագիրով գերեց հանդիսատեսը եւ արժանացաւ յաւերժութեան:
Հրաչեայ Ներսիսեանի մեծութիւնը կը կայանայ ո՛չ միայն իր կերպաւորած տիպարներուն վրայ սեփական դրոշմը դնելու մէջ, այլ նաեւ` իր մարմնաւորած կատակերգական թէ ողբերգական տիպարները բեմին վրայ իրապէ՛ս ապրեցնելու տաղանդին մէջ:
Հ. Ներսիսեանի ժամանակակից մեր մեծերը կը վկայեն, ինչպէս որ հայ կերպարուեստի մեծ վարպետը` Մարտիրոս Սարեան ատենին մատնանշած է, թէ` «Հրաչեայ Ներսիսեանը բնութեան այն շնորհներից է, որ մարմնաւորում է վեհ մարդկայնութիւնը, դերասանական տաղանդն ու խորաթափանց իմաստնութիւնը»:
Հ. Ներսիսեանի բարձրարժէք արուեստին վրայ գումարուած է անոր հայ մարդու արժանաւորութիւնը: Ծնունդով ու կազմաւորումով արեւմտահայ` Հ. Ներսիսեան բեմական իր կազմաւորումն ու արուեստագէտի կատարելագործումը ունեցաւ Պոլսոյ հայկական բեմերուն վրայ: Իսկ երբ 1923-ին ընտրեց հայրենադարձութիւնը եւ շուրջ քառասուն տարի անխոնջ գործեց խորհրդային իրականութեան մէջ, Հ. Ներսիսեան յաջողեցաւ գրաւել սիրտը նաեւ արեւելահայ հանդիսատեսին:
Հրաչեայ Ներսիսեան ծնած է 24 նոյեմբեր (հին տոմարով` նոյեմբեր 12-ին) 1895-ին, Նիկոմեդիա (երբեմնի Զմիւռնիան, այժմու Թուրքիոյ Իզմիթը): Ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանսական Սէն Պարպ եւ ամերիկեան Ռոպերթ քոլեճներուն, նաեւ` հայկական Եսայեան վարժարանին մէջ:
Մանկութենէն իսկ իր դրսեւորած բացառիկ ընդունակութեանց շնորհիւ` Հ. Ներսիսեան ինքնաշխատութեամբ սորված է տարբեր լեզուները: Բնագիրով կարդացած է ֆրանսացի, անգլիացի եւ թուրք գրողներու երկերը, խօսած է արաբերէն ու իտալերէն: Մեծ դերասանի նկարագիրին ձեւաւորման վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած է անոր մօտէն ծանօթութիւնը Դանիէլ Վարուժանի եւ Կոմիտասի հետ: 1915 թուականին, Ներսիսեան Պոլսոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է Հայ Տռամաթիք եւ Արշակ Պենկլեանի օփերեթային խումբերու ներկայացումներուն:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) տարիներուն Ներսիսեան ծառայած է թրքական բանակին մէջ իբրեւ թարգմանիչ: Ծառայութեան շրջանին ուղարկուած է արաբական երկիրներ, ուր ականատես դարձած իր ազգակիցներու կոտորածներուն: 1918-ին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ վերամիացած է Ա. Պենկլեանի թատերախումբին:
1919-էն սկսեալ գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ջանանի «Հայ դրամատիկ» թատերախումբին մէջ. բեմ ելած է Օթարեանի, Մուրադի (Ալեքսանդր Շիրվանզադէի «Պատուի համար», «Չար ոգի») դերերը: Թատերախումբի յաջորդ ղեկավարին` բեմադրիչ Օվի Սեւումեանին Ներսիսեան համարած է իր «առաջին եւ մեծ ուսուցիչը»: 1920-ին հայ բեմի հսկաներէն Յովհաննէս Աբելեանի (Լիր) հետ, Հ. Ներսիսեան հանդէս եկած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Լիր արքայ» ներկայացման մէջ` Էդգարի դերով:
Հ. Ներսիսեան` Օթելլոյի Եւ
Պաղտասար Աղբարի Դերով
1923-ին Ներսիսեան որոշեց հայրենադարձ ըլլալ եւ հաստատուեցաւ Երեւան: Անմիջապէս ընդունուեցաւ Երեւանի Առաջին պետական թատրոնի (այժմ` Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն) դերասանական կազմին մէջ: Առաւել յղկելով եւ բիւրեղացնելով դերասանական իր տաղանդը` Հ. Ներսիսեան շուտով դարձաւ հայրենի թատրոնի եւ շարժանկարի առաջնակարգ դերասաններէն մէկը եւ արժանացաւ համաժողովրդական ճանաչումի ու սիրոյ:
Ինչպէս որ Հայկական Հանրագիտարանը կը նշէ, Հ. Ներսիսեան իր «բեմական գործունէութեան առաջին իսկ շրջանէն ստեղծած է յուզական ու անմիջական հզօր կերպարներ: Ան վերամարմնաւորման արուեստի մեծ վարպետ էր, որուն միաժամանակ մատչելի էին ողբերգական, տռամաթիքական, կատակերգական եւ Կրոթեսքային (գեղարուեստական ժանր մը, ուր ընդգծուած եւ խտացուած են տուեալ կերպարի ու երեւոյթներու յատկանիշները եւ համադրուած` կատակերգականն ու ողբերգականը) դերերը: Անձնաւորման արուեստի հարուստ արտայայտչամիջոցներով` Հ. Ներսիսեան ստեղծած է հաւաստի ու համոզիչ կերպարներ թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից թատերախաղերու մէջ:
Հ. Ներսիսեանի դերասանական վարպետութիւնը լիովին բացայայտելու ծառայած են անոր մարմնաւորած Պաղտասար Աղբարը, Օթելլոն, Լիր արքան, Գէորգ Մարզպետունին եւ ռուսական թատրոնի դասական կերպարները: Հ. Ներսիսեան նաեւ հայկական շարժանկարի առաջին դերասաններէն է: Անոր դերակատարումներուն բնորոշ են անսպասելի եւ ժամանակին համահունչ բեմական գիւտերը:
Հրաչեայ Ներսիսեան մահացաւ Երեւան, 1961 թուականի նոյեմբեր 6-ին: Արժանացաւ պետական եւ համաժողովրդային հանդիսաւոր եւ մեծաշուք յուղարկաւորութեան:
Թաղուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնը: Հ. Ներսիսեան արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Պետական մրցանակի (1941 թ.): Հրաչեայ Ներսիսեանի անունով կոչուած է Երեւանի փողոցներէն մէկը:
Ինչպէս որ հայ բեմի հսկաներէն Վահրամ Փափազեան նշած է.
«Նրա (Հ. Ներսիսեանի) տաղանդը նման էր դիցաբանական ոսկէ թռչունին, որը, չնայած այրւում ու մոխրանում է, սակայն միշտ վերածնւում է սեփական մոխրից: Նա մեծ արտիստ էր»:

