ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւն. 100-Ամեակի Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած ԼՕԽ-ի 2015-ի Օրացոյցը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏARC_Calendar-2015-cover2015-ը 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան: Համայն հայութիւնը անգամ մը եւս պիտի յիշէ Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած եւ իրագործած մեծ ոճիրը, զոր տակաւին կ՛ուրանան ոճրագործները: Ցեղասպանը անտարբեր կը մնայ տակաւին եւ կ՛ուզէ քնացնել աշխարհը, որպէսզի մոռցուի Հայոց դատը: Հայութիւնը երբեք չէ մոռցած իր անմեղ նահատակները եւ պիտի չմոռնայ, մինչեւ որ կատարուի արդարութիւնը:

2015-ը պիտի ըլլայ պատմական յիշողութեան տարի: Մեծով ու փոքրով պարտական ենք յիշելու մէկուկէս միլիոնը, որքան ալ անցած ըլլան 100 տարիները:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր կարգին յարգանքի տուրքը կը մատուցանէ նոր հրատարակուած գեղատիպ օրացոյցով մը, որուն 12 ամիսները կը ներկայացնեն հայ գեղանկարիչներուն ստեղծագործած, Եղեռնի թեմայով գունագեղ նկարներ: Հայրենի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ են անոնք, իւրաքանչիւրը` իր մտքին եւ հոգիին ներշնչումով իրագործուած:

Օրացոյցին կողքը կը ներկայացնէ քանի մը նկարիչներու գործերուն համադրումով պատրաստուած պաստառ մը, ուր կը տեսնենք եկեղեցի մը, խաչքար մը, Աստուածամայրը, հայու տիպար մը, որոնք ամբողջութիւնն են հայուն հոգին ներկայացնող աւանդութիւններուն:

Յունուար ամսուան նիւթն է` «Հայ ընտանիքը Արեւմտահայաստանի մէջ», գեղանկարը` «Թոնրի լաւաշ», գործ` Սեւատա Գրիգորեանի:

Փետրուար ամսուան նիւթն է` «Պահանջատիրութիւն», գեղանկարը` «Ճիչ առ երկինք», գործ` Մերուժան Խաչատրեանի:

Մարտը` «Հայ մանուկը», գեղանկար` «Զաւակը որբացաւ», գործ` Արամ Դաւթեանի:

Ապրիլը` «Հայոց ցեղասպանութիւն»-ը, գեղանկարը` «Հայոց Մեծ եղեռնի զոհերի սուրբ յիշատակին», գործ` Մերուժան Խաչատրեանի:

Մայիսին կը տեսնենք «Հայ մայրը», գեղանկար` «Սարսափ», գործ` Ակիմ Աւանիսովի:

Յունիսին ներկայացուած է «Երաժշտարուեստը Ցեղասպանութենէն առաջ», գեղանկար` «Ռապսոդիա», գործ` Քարլոս Սայադեանի:

Յուլիսը նուիրուած է «Մշակութային ցեղասպանութիւն» նիւթին, գեղանկար` «Վահրամաշէն», գործ` Մերուժան Խաչատրեանի:

Օգոստոս ամիսը նուիրուած է «Վերածնունդ» թեմային, գեղանկար` «Ցեղասպանութիւն եւ վերածնունդ», գործ` Մատլեն Օսիքեանի:

Սեպտեմբերը նուիրուած է «Անարդարութիւն» թեմային, գեղանկար` «Հայոց Մեծ եղեռնի զոհերի սուրբ յիշատակին», գործ` Մերուժան Խաչատրեանի:

Հոկտեմբերը կը ներկայացնէ «Արեւմտահայ կրթական կեանքը», գեղանկար` «Գաղթի ճանապարհի հին ձեռագրերի հետ», գործ` Գրիգոր Աղասեանի:

Նոյեմբեր ամիսը կը ներկայացնէ «Ցեղասպանութեան յուշակոթողներ», գեղանկար` «Վանաձորի արուեստի թանգարան», գործ` Ա. Խաչատրեանի:

Դեկտեմբեր ամիսը նուիրուած է «Դէպի հայրենիք» թեմային, գեղանկար` «Դէպի հայրենիք», գործ` Սեւատա Գրիգորեանի:

Այս օրացոյցը ամէն օր պիտի վերյիշեցնէ մեզի, մասնաւորաբար` մեր զաւակներուն եւ թոռներուն, թէ ինչո՛ւ պահանջատէր ենք, ինչո՞ւ իրաւունք կը պահանջենք: Իւրաքանչիւր նկար տան մը պատերը զարդարող, հայոց պատմութիւն ներշնչող պատգամ մը ունի: Մեզի կը մնայ ունենալ օրինակ մը, որպէսզի 2015-ի ապրիլ 24-ը խրախուսէ մեզ` մնալու հաւատարիմ մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, նոյն ատեն յիշեցնելով աշխարհին, թէ անմոռանալի է մեր Դատը եւ անպայման պիտի տիրանանք մեր իրաւունքին:

Share this Article
CATEGORIES