Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր գործունէութիւնը լաւ ընթացքի մէջ է, եւ լաւ յաջողութիւններ պիտի ունենաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անծանօթներու դիմաց անտարբեր պիտի մնաք: Խոհեմութիւնը առաջնակարգ նկատեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ լուր մը պիտի լսէք, որ գեղեցիկ հեռանկարներ պիտի բանայ ձեր դիմաց: Ինքնավստահ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի սորվիք լաւագոյնս ճանչնալ ձեր պաշտօնակիցը: Յարգալիր եղէք ձեր գործակիցներուն հետ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խանդավառեցէք ձեր գործակիցները եւ օրինակելի եղէք: Օրուան արտադրութիւնը գոհացուցիչ պիտի ըլլայ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փոքր եւ քնքուշ վերաբերում մը ճամբայ պիտի բանայ սիրային գեղեցիկ պատմութեան մը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հակառակ փոքր ընդդիմութիւն մը` ձեր կողմէ, դարձեալ պիտի կատարէք ձեր ընտանեկան պարտականութիւնը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարենաք գտնել դարմանող բառեր` անձի մը նկատմամբ, որ դժուարութեան մատնուած է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ պիտի ունենաք այն բաժինը, զոր կը փափաքէիք: Օրը ունի յաջող իրագործումներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յաջող գործունէութիւն պիտի ունենաք` շնորհիւ ձեր զօրաւոր կամքին: Օրը բարի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ խրատներու հետեւիք, ձեր առողջութիւնը պիտի բարելաւուի: Եռանդուն գործունէութիւն պիտի ունենաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգտակար գործունէութիւն պիտի ունենաք ձեր գործատեղիին մէջ: Օրը պիտի անցնի յաջող իրագործումներով եւ պիտի ուրախանաք:

Share this Article
CATEGORIES