50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1964)
Հայ Կեանք
Գարեգին Եպիսկոպոս Լոնտոնի Մէջ
Լոնտոնէն կը հաղորդեն մեզի թէ, Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան անցած շաբաթ օր Հռոմէն գացած է Լոնտոն, ուր պիտի մնայ չորս օր, Պէյրութ վերադառնալէ առաջ:
Լոնտոնի հայ գաղութը սրտազեղ ընդունելութիւն մը ըրած է սրբազանին, որ կիրակի 22 նոյեմբերին պատարագած է հայոց Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ:
Հռոմի Հայածէս Պատարագը Եւ
Ֆրանսական Մամուլը
«Լա Քրուա»-ի Ելոյթը
Մեր նախորդ թիւով գրած էինք, թէ ապրիլեան նահատակներու յիշատակին, պապին նախագահութեամբ, հայածէս պատարագ մատուցուած է Հռոմի մէջ.
Փարիզի ֆրանսագիր մամուլը ոչ մէկ արձագանգ հանդիսացաւ այն պատարագին, զոր մատուցեց կաթողիկոս-պատրիարք Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան` ապրիլեան նահատակներու յիշատակին: «Ֆիկառօ» եւ «Լը Մոնտ», որոնք էջ մը կը յատկացնեն վատիկանեան լուրերու, ոչ մէկ տող գրեցին. միայն «Լա Քրուա» երեկոյեան կաթողիկէ օրաթերթն է, որ գոհացած էր հետեւեալը ըսելով.
«Պապը իր ներկայութեամբ պատուեց 125-րդ ընդհ. միաբանութեան պատարագը: Կը պատարագէր Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան` պատրիարք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ի յիշատակ հայ հաւաքականութեանց ջարդին, յիսուն տարի առաջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի խռովութեանց առթիւ (ԽՄԲ.- Ի՜նչ հրաշալի բացատրութիւն թուրքը չվշտացնելու համար…): Ու «Լա Քրուա» կը շարունակէ. «Այն 250 հազար հաւատացեալները, որոնք կը կազմեն կաթողիկէ պատրիարքութիւնը (Հռոմէն բաժանուած հայերը լուսաւորչական կը կոչուին) մեծ մասամբ այդ ջարդերէն եւ աքսորներէն վերապրողներն են: Գլխաւորաբար կ՛ապրին Միջին Արեւելք, Ֆրանսա եւ Ամերիկա:
Եւ այսքան:
Քենետիի Յիշատակին
Ամերիկահայ եկեղեցիներու մէջ անցած կիրակի օր հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւններ կատարուած են նահատակ նախագահ Ճոն Քենետիի յիշատակին:
Մեծագոյն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը բացառիկ հանդիսութեան մը ձեւը տուած է այդ արարողութիւններուն: Ներկայ գտնուած են նաեւ օտարներ:
Բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ այլ աղօթատեղիներ մասնաւոր արարողութիւններով յարգած են նախագահին յիշատակը:
Ժաքլին Քենետի, որ Նիւ Եորք կը բնակի, չէ մասնակցած իր ամուսնոյն յիշատակի հանդիսութեանց: Փափաք յայտնած է մեկուսանալու այս օրերուն:
Հերմըն Սահակեան` Վերընտրուած
«Հայրենիք»-ի մէջ կը կարդանք.-
Հերմըն Սահակեան` Հանրապետական թեկնածուն վերընտրուած է անդամ Մէյն նահանգի Ներկայացուցչական տան:
Հ. Սահակեան բնիկ քեսիրիկցի է եւ քահանայի զաւակ: Յաճախ ատենախօսած է` ամերիկեան հասարակութեանց, մասնաւորաբար Խորհրդային Միութեան գերեալ ազգերու հարցերուն շուրջ:
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողակաան Միութեան
Կազմակերպած Հաւաքոյթը
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցած էր կազմակերպելու հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին Պէյրութի երեք համալսարաններու հայ ուսանող-ուսանողուհիները:
Կիրակի, 22 նոյեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահը լեցուած էր հայ համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիներու հոծ եւ զուարթ բազմութեամբ մը:
Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ կարճ, այլ իմաստալից ճառ մը խօսեցաւ միութեան նախկին անդամներէն Վահէ Օշական: Ան շեշտեց, թէ իրենց զուտ դպրոցական եւ մտաւորական զբաղումներէն դուրս, հայ ուսանողները առաջին գծի վրայ պէտք է ըլլան իրենց ժողովուրդի բարօրութեան եւ ազգային գաղափարականին ի խնդիր աշխատողներու բանակին մէջ, եւ ուրեմն անհրաժեշտաբար պէտք է ունենան ազգային-քաղաքական շահագրգռութիւններ եւ դիմագծութիւն: «Զաւարեանական տղաքը,- ըսաւ ընկ. Օշական,- ընտրած են իրենց ազգային-քաղաքական ուղին, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ուղին է. անոնք դաշնակցականներ են, իրենց համար ամէնօրեայ ապրում ըրած են անոր գաղափարաբանութիւնն ու ծրագիրները: Եւ ատիկա բաւարարութիւն ու գոհացում կու տայ իրենց երիտասարդական ոգիին եւ խանդավառութեան: Ապա Վ. Օշական կոչ ըրաւ հայ համալսարանական տղոց ու աղջիկներուն` մօտէն հետաքրքրուելու Զաւարեանով եւ զաւարեանականներով` զանոնք լաւապէս ճանչնալու եւ միեւնոյն գաղափարներով եւ ըմբռնումներով ներշնչուելու պարագային` ուռճացնելու անոնց շարքերը:
Վահէ Օշականի ճառէն ետք եղան խմբական խանդավառ խաղեր, որմէ ետք ներկաները պատուուեցան ճաշկերոյթով: Ապա երեկոյթը շարունակուեցաւ պարերով` զուարթ ու երիտասարդական մթնոլորտի մէջ:

