Պաքուի Մէջ Փորձ Կատարուած Է Տապալելու Եւրոպայի Ողիմպիական Կոմիտէին Նիստը
Ազրպէյճանի մէջ գործող այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան» ներկայացուցիչները, փորձած են տապալել Պաքուի մէջ ընթացող Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի 43-րդ նիստը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով Ազրպէյճանական լրատու գործակալութենէն:
Ինչպէս ծանօթ է, այդ նիստին մասնակցելու համար Պաքու մեկնած էին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ վարչութեան պետ Վաղինակ Գալստեան: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուէր նաեւ յառաջիկայ տարի Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան հարցը:
Աղբիւրին հաղորդումով, քանի մը ժամուան ընթացքին այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան» անդամները, տարբեր անուններ ներկայացնելով, փորձած են մուտք գործել պանդոկէ, ուր տեղի կ՛ունենար նիստը, սակայն անվտանգութեան աշխատողները թոյլ չեն տուած, «Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան» անդամներէն Ակիվ Նազի նշեց, որ իրենց նպատակը ոչ թէ քաղաքական ցոյց կազմակերպել էր, այլ պահանջել նիստերու սրահէն հայերուն վտարումը:
ArmSport.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ Ռոստոմեան եւ Գալստեան արդէն իսկ լքած են Պաքուն:

