Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Վէպ Մը
Հայկական հարցն ու Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով, ամբողջական տեսքով տեղ գտած են թրքական նոր վէպի մը մէջ:
Արդարեւ, թուրք յայտնի գրող Վետաթ Թուրքալիի «Վերջացաւ, վերջացաւ` չվերջացաւ» ստեղծագործութեան տարածքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուրուականը կը շրջի: Վէպին պատմական ետնաբեմին մէջ Ցեղասպանութիւնը թաքնուած է:
Վէպին մէջ կը ներկայացուին 1909-ի Կիլիկիոյ կոտորածը, Խարբերդի նահանգը, պատմական Հայաստանը, տեղահանութիւնը, կոտորածները, որոնք այս հողերը անծայրածիր գերեզմանի վերածած են, նաեւ` Տէր Զօրը, բռնի իսլամացումը, գաղտնի քրիստոնեաները եւ հայկական Նեմեսիսը:
Հեղինակը նաեւ զուգահեռներ գծած է Տէրսիմի եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
CATEGORIES Հայ Դատ

