Արշաւը Կը Պահանջէ Միջազգային Հանրութենէն Պատժամիջոցներ Կիրարկել Ազրպէյճանի Դէմ
Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով նոյեմբեր 14-ին, ժամը 13:00-ին ընկերային ցանցերուն վրայ պիտի մեկնարկէ #ArtsakhStrong արշաւը:
Հայ դատի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի ֆէյսպուքէան էջի փոխանցմամբ, արշաւը նախաձեռնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնը: Միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղուի պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի դէմ:
Իսկ ամերիկահայութեան կոչ կ՛ուղղուի` կապուելու իրենց օրէնսդիրներուն եւ պաշտօնեաներու հետ` անոնց տեղեկացնելու Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին:
Արշաւին արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է բովանդակային տեղեկատուութիւն տեղադրել «Artsakh Strong հաշթակի հետ եւ լայնօրէն տարածել զայն Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Ինսթակրամ եւ այլ ընկերային ցանցերով:

