Ժոմպլաթ. «Նաամէի Աղբանոցը Փակելու Իմաստով Որեւէ Յապաղում Այսուհետեւ Մերժելի Է»

1124_JumblattԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հարց տուաւ Նաամէի աղբանոցը փակելու իմաստով տրուած որոշումին գործադրութիւնը ուշացնելու պատճառներուն մասին` ընդգծելով, որ այդ իմաստով արձանագրուելիք որեւէ յապաղում այսուհետեւ մերժելի է:

Ժոմպլաթ հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի՞ է նման թղթածրարի մը քաղաքականացումը` տեղայնական եւ համայնքային դրդապատճառներու վրայ հիմնուելով:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները կառավարութեան գումարած իւրաքանչիւր նիստին ընթացքին չեն զլանար յիշեցնելու այս թղթածրարը` շեշտելով անոր գործած կենսոլորտային մեծ աւերը:

«Եթէ Նաամէի աղբանոցը փակելու առումով յապաղումի այս քաղաքականութիւնը շարունակուի գործադրուիլ եւ այս իմաստով յստակ որոշումներ չտրուին, ապա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի հրաւիրէ ժողովրդային ընդարձակ շարժումի մը` այդ թղթածրարին լուծման համար ճնշում բանեցնելու նպատակով», եզրափակեց Ժոմպլաթ:

Share this Article
CATEGORIES