Ժահժահ. «Քաա Գիւղաքաղաքը Վտանգի Չէ Ենթարկուած»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Քաա գիւղաքաղաքի բնակիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց գիւղաքաղաքին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ շեշտեց, որ ինք լրջօրէն կը հետեւի Քաայի մէջ տիրող ապահովական կացութեան` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ինք մնայուն կերպով կապի մէջ է պատկան մարմիններուն, յատկապէս բանակի հրամանատարութեան հետ:
Ան ընդգծեց, որ Քաայի եւ անոր մերձակայ գիւղաքաղաքներուն` Ռաս Պաալպեքի եւ Ժտէյտէի վերաբերեալ մտահոգութիւններ չկան: Ժահժահ նշեց, որ այս գիւղաքաղաքները վտանգի չեն ենթարկուած եւ թէ բանակը ապահովական անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրած է` դիմադրելու բոլոր վտանգներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

