Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Փարիզի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին յատկացուած մէկ միլիառ տոլարի գումարով բանակին զինուորական օժանդակութիւններ ապահովելու կարելիութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Պլիսի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ երէկ արձանագրուած առեւանգումի պարագան ապահովական խախտում կը նկատուի եւ լիբանանեան պետութեան էութիւնը խոցող արարք է: Ժսըր ապահովութեան ուժերէն պահանջեց ձերբակալել առեւանգողները եւ բացայայտել այդ առեւանգումին դրդապատճառները:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իր կարծիքով` կարելի չէ հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին հաղորդակցութեան թղթածրարին գծով եզրակացութիւններու յանգիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ իրենց փափաքն է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ տեսնել երկխօսութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել հանրապետութեան նոր նախագահի մը անձին շուրջ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ մաղթեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը սկսի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութիւնը պայմանական է եւ հիմնուած է նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելով կարելի է Լիբանանը փրկել ամօթալի կացութենէ մը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Շաքիպ Խուրի յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն այն առաջարկին, որ երեսփոխանին քուէարկելու իրաւունքը սահմանափակուի նախագահական ընտրութեան մէկ կամ երկու թեկնածուի թիւով: Միւս կողմէ, ան նշեց, որ ըստ իրենց, երկրին ապահովական կացութիւնը տակաւին ենթակայ է վտանգներու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զինեալ թեւերու հրամանատար Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ եթէ Ֆատըլ Շաքեր շարունակէ իր գրգռութիւններ հրահրող յայտարարութիւնները կատարել, ապա ան պէտք է լքէ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին վերջ մը դնելու համար երկխօսութեան եւ համախոհութեան կարիք կայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Զիատ Ապս յայտնեց, որ Քարանթինայի մէջ հսկայ մարզադաշտ մը հիմնելու ծրագիր կայ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ նոր անդամներ կը զինուորագրէ եւ զանոնք կը զինէ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, բանակին դէմ յարձակումներ գործած ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի Թրիփոլիի մէջ հանրութեան փոխադրութեան գործով զբաղող վարորդի մը հարիւր ամերիկեան տոլար վճարած է եւ խնդրած զինք Այն Հելուէ փոխադրել: Ըստ վարորդին վկայութիւններուն, Մաուլաուի այս ձեւով հասած է պաղեստինեան գաղթակայան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը պէտք է ընդգրկէ հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ սիւննի-շիի բախումները:

 

Share this Article
CATEGORIES