Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Երկարաձգուեցան Մինչեւ Յունիս 2015
Լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութիւնները երկարաձգուած են մինչեւ յունիս 2015:
Արեւմտեան աղբիւր մը յայտնեց, որ բանակցութեան նոր նիստ մը պիտի գումարուի 25 դեկտեմբերին: Ան հաւանական նկատեց, որ ժողովի գումարման վայրը ըլլայ Օմանի մէջ:
Իրանի եւ Վեցեակի նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած ժողովէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ժողով մը գումարեց իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի եւ իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Բանակցութիւններուն մասնակցած ռուսական պատուիրակութենէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ համաձայնութիւն գոյացած է իրանեան թղթածրարը ամբողջովին վճռելու եւ վերջնական համաձայնութիւնը ստորագրելու 1 յուլիս 2015-ին:
24 նոյեմբերին ճշդուած բանակցութեանց աւարտի ժամկէտէն ժամեր առաջ Վիեննայի մէջ իրերայաջորդ հանդիպումներ տեղի ունեցած էին` փորձելով ելք մը գտնել, որովհետեւ վերջնական լուծում մը գտնելու ջանքերը ձախողած էին, թէեւ մասնակիցները, ներառեալ` ամերիկացիները կը փափաքէին նուազագոյն համաձայնութիւնն իսկ գոյացնել:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Համընտ յայտնեց, որ Իրան բանակցութեանց ժամանակաշրջանին ընթացքին իւրաքանչիւր ամիս իր սառեցուած հաշիւներէն 700 միլիոն տոլար պիտի ստանայ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին նոր գաղափարներ, որոնք արժանի են քննարկման, սակայն ժամանակի կը կարօտին:
Ռուսիոյ նախագահին մէկ խորհրդականը յայտնեց. «Արեւմուտքը հիւլէական թղթածրարին լուծումով չէ հետաքրքրուած եւ կը ջանայ Իրանի մէջ կայունութիւնը քայքայել»:
Ան աւելցուց. «Արեւմուտքը մեծ զիջումներ կ՛ուզէ Իրանէն, որ անոնց սահման մը գծած է, եւ Մոսկուան անոր կողքին կը կանգնի, իսկ Չինաստանը անոր կը զօրակցի»:

