Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Հրաժարեցաւ

Չաք Հէյկըլ

Չաք Հէյկըլ

«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երէկ իր հրաժարականը ներկայացուցած է` աւելցնելով, որ ան այդ քայլին դիմած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին շուրջ տարակարծութեանց պատճառով:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին վկայակոչելով Փենթակոնէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ընդունած է Հէյկըլի հրաժարականը:

68-ամեայ Հէյկըլ Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն է եւ Հանրապետական կուսակցութենէն նախկին ծերակուտական մը: Ան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնած էր 2013-ին:

Կը նախատեսուի, որ ան իր պաշտօնին վրայ մնայ, մինչեւ որ անոր յաջորդին թեկնածութիւնը հաստատուի:

 

Share this Article
CATEGORIES