Էրտողան Դարձեալ Եգիպտոսի Նախագահը Ոչ Օրինական Կոչած Է

Էրտողան

Էրտողան

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկնած է իր այն պնդումը, թէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին ոչ օրինական նախագահ է:

Էրտողան այդ մասին յայտարարած է Պոլսոյ մէջ «Կիներ եւ արդարադատութիւնը» խորագիրով վեհաժողովին ընթացքին` զուգահեռաբար կշտամբելով այն երկիրները, որոնց մէջ Սիսին Եգիպտոսի օրինական նախագահ կը նկատուի:

Էրտողան այս առնչութեամբ նշած է, որ այսօր աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, ուր մէկ օրուան մէջ երեք հազար մարդ սպաննուի` նկատի ունենալով Եգիպտոսի մէջ անցեալ տարուան արիւնալի դէպքերը, որոնք նախորդած էին Սիսիի իշխանութեան գալը: Ան բարձրացուցած է Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալման հարցը:

Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խիստ լարուած են, Եգիպտոս տուն կանչած է իր դեսպանը` Անգարայի դիրքորոշումին պատճառով:

Նշենք, որ Սիսի եւրոպական երկիրներ իր շրջապտոյտին ձեռնարկելով այցելեց Հռոմ:

 

Share this Article
CATEGORIES