«Շուրջ Քառասուն Երկիրներ Կը Ցանկան Ազատ Առեւտուրի Գօտի Ստեղծել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ» Կ՛ըսէ Նարիշքին

Սերկէյ Նարիշքին

Սերկէյ Նարիշքին

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին յայտարարած է, որ շուրջ քառասուն երկիրներ կը փափաքին ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծել Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ:

Ըստ անոր, Ուքրանիան դէպի Եւրոպական Միութեան հետ համարկում ուղղութիւնը ընտրելով չ՛ուզեր համագործակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ:

«Աշխարհի շուրջ քառասուն երկիրներ պաշտօնապէս ցանկութիւն յայտնած են ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու մեր համարկումի միութեան հետ: Միեւնոյն ժամանակ, մեր գործընկերներէն ոմանք, հիմնականին մէջ արտաքին ճնշումի տակ, կը հրաժարին Եւրասիական տնտեսական միութեան իրաւահաւասար մասնակցութենէն` յանուն Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան, որ կ՛ենթադրէ անոր լիիրաւ գերիշխանութիւնը», նշած է Նարիշքին:

Տումայի նախագահը նաեւ ըսած է, որ աշխարհաքաղաքական ընտրութիւնը իւրաքանչիւր պետութեան գերակայ իրաւունքն է:

Նախապէս Նարիշքին յայտարարած էր, որ ռուսերը եւ ղազախները 1 յունուարէն սկսեալ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ պիտի ապրին:

Share this Article
CATEGORIES