Տերսիմի Մէջ. Տաւութօղլուի Դէմ Բողոքող Ցուցարարներուն Դէմ Արցունքաբեր Կազ Օգտագործուած Է

Ահմեթ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին Տերսիմ քաղաքին մէջ դիմաւորած են ցոյցերով:

Ոստիկանները արցունքաբեր կազ օգտագործած են ցուցարարներուն դէմ, այս պատճառով ալ վիրաւորուած են նաեւ յարակից դպրոցի աշակերտները:

Տաւութօղլու Տերսիմ հասած է զինուորական ուղղաթիռներու ուղեկցութեամբ եւ անվտանգութեան խիստ միցոջառումներու տակ:

Շուրջ 300 հոգինոց ցուցարարներու խումբը Տաւութօղլուի դէմ կարգախօսներ հնչեցուցած է եւ ուզած քայլարշաւ կատարել, սակայն հանդիպած է ոստիկաններու դիմադրութեան:

Ցուցարարները Տաւութօղլուին չեն արտօնած մուտք գործել քաղաքապետարանի շէնք, ինչէն ետք ալ ոստիկանները արցունքաբեր կազ օգտագործած են:

Ատկէ ետք ցուցարարները ցրուած են, սակայն որոշ ժամանակ ետք դարձեալ հաւաքուած են:

Տաւութօղլուի անվտանգութիւնը ապահոված է շուրջ 1500 ոստիկան:

 

Share this Article
CATEGORIES