Ռուսիա Պիտի Կրկնապատկէ Աբխազիոյ Յատկացուելիք Օգնութիւնը

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ երկրին կողմէ Աբխազիոյ յատկացուող ելեւմտական օգնութիւնը պիտի աւելցնէ երկու անգամով: Ըստ անոր, ատիկա կապուած է ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի կնքման հետ:

«Նախատեսուած է այդ օգնութեան կրկնակի յաւելում», յայտնած է Փութին` Աբխազիոյ ղեկավար Ռաուլ Հաճիմպայի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Փութին յոյս ունի, որ տուեալ հանդիպումը խթանէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը` անվտանգութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման հարցերուն մէջ:

«Եթէ նախկին տարիներուն մենք կեդրոնացած էինք ընկերային նախագիծերու վրայ, ապա այսօր խնդիրը մեր երկրի տնտեսական կարելիութիւններու մակարդակի բարձրացումն է», նշած է Հաճիմպա:

Վրաստանի Նախագահը Ռուսիոյ Եւ
Աբխազիոյ Միջեւ Կնքուած Համաձայնագիրը
Անհեթեթ Կը Նկատէ

«Նովոսթի-Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Ռուսիոյ` Աբխազիոյ հետ կնքած համաձայնութիւնը «անհեթեթ եւ անտրամաբանական քայլ» կը նկատէ:

Ռուսիոյ կառավարութիւնը 20 նոյեմբերին Աբխազիոյ հետ «համագործակցութեան եւ ռազմավարական գործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրելու որոշում որդեգրած էր:

«Դժբախտաբար, ատիկա նորութիւն չէ: Վերջին մէկ ամսուան մեր արտաքին աշխուժութիւնը ամբողջութամբ ուղղուած է անոր, որ կանխարգիլենք անհեթեթ ու անտրամաբանական քայլը», կիրակի օր վրացի լրագրողներուն յայտարարած է Մարկվելաշվիլի:

Միեւնոյն ժամանակ Վրաստանի նախագահը վստահեցուցած է, որ Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ ինքնորոշման պաշտպանութիւնը կարելի է միայն միասնական Վրաստանի սահմաններուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES