Թուրքիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահը Էրտողանը Անազնիւ Եւ Անպատիւ Անուանած Է

Մերալ Աքշեներ

Մերալ Աքշեներ

Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Մերալ Աքշեներ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը անազնիւ եւ անպատիւ մարդ անուանած է:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական Aksar.az կայքը, կը յայտնէ, որ Աքշեներ այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Պոլսոյ մէջ գտնուող բաժանմունքներու ընդհանուր ժողովին ընթացքին. կուսակցութեան անդամ է նաեւ ինք:

Ժողովին մասնակից կայքի թղթակիցը մէջբերած է Աքշեների հետեւեալ խօսքը. «Վարչապետ եղած ժամանակ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը հերքէր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ կառավարութեան կողմէ բանակցութիւններ վարուելուն փաստը: Այն ժամանակ ան ըսած էր, որ եթէ այդպիսի բան կայ, ինձմէ անպատիւ մարդ չկայ: Այդպէս ալ կայ, Օճալանի հետ ամէն տեսակի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, բոլորը հերթ կանգնած են անոր հետ հանդիպելու համար: Այդ հերթի անունն ալ դուք տուէք»:

Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը յայտնած է, որ կառավարութեան անգամ նախարարներուն զաւակները միլիոնատէրեր են եւ այդ դրամները անոնք գողցած են ժողովուրդէն: Ան ըսած է, որ Էրտողանը իրեն համար հազար սենեակնոց պալատ կառուցած է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ինչքա՛ն դժուար վիճակի մէջ է այսօր Թուրքիան:

«Թէ ասոնք ո՛վ են, ակնյայտօրէն կ՛երեւի կօշիկի տուփերուն մէջ անոնց պահած դրամներէն: Անցեալ տարուան 17 եւ 25 դեկտեմբերին փտածութեան գործողութիւններու ժամանակ անոնց ննջասենեակներուն մէջ միլիոնաւոր կանխիկ գումարներ յայտնաբերուեցան», ըսած է ան:

Աքշեներ համոզում յայտնած է, որ 2015-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ներկայիս փտած կառավարութիւնը տապալելու ունակ միակ կուսակցութիւնը Ազգային շարժում կուսակցութիւնն է:

Նշենք, որ Մերալ Աքշեներ եղած է Թուրքիոյ 54-րդ կառավարութեան ներքին գործոց նախարարը:

 

Share this Article
CATEGORIES