Ամերիկացիները Կը Կորսնցնեն Վստահութիւնը Միացեալ Նահանգներու Քաղաքական Համակարգին Նկատմամբ

1124_US«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի եւ «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի կատարած միացեալ հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց տուած է, որ ամերիկացիներուն շուրջ 56 առ հարիւրը համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական եւ քաղաքական համակարգերը կ՛աշխատին քաղաքացիներու շահերուն դէմ:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ, որ պետութենէն քաղաքացիներու օտարանալու զգացումը Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աճի 2002-էն ի վեր, երբ ամերիկացիներու մէկ երրորդը դժգոհ էր իշխանութիւններու գործողութիւններէն եւ, մասնաւորաբար, պետութիւնը պահելու ծախսերու սրընթաց աճէն:

Այսպէս, վերջին 12 տարուան ընթացքին համերկրային ծախսերու մակարդակը երկու միլիառ տոլարէն (Համախառն ներքին արտադրութեան 18 առ հարիւրը) բարձրացած է մինչեւ չորս միլիառ տոլար (Համախառն ներքին արտադրութեան 24 առ հարիւրը), որ կառավարութիւնը կը պատրաստուի ծախսելու ելեւմտական նոր տարուան ընթացքին:

«Հաշուի առնելով ամերիկեան տնտեսութեան չափերը` Օպամայի կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ամերիկացիներուն համար ամէնէն սուղը Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներէն ի վեր: Այդ ժամանակներէն ի վեր եւ մինչեւ այս պահը պետութիւնը պահելու ծախսերը չէին գերազանցեր համախառն ներքին արտադրութեան 20 առ հարիւրը», նշած է օրաթերթի աշխատակիցը:

Օրաթերթի փորձագէտներուն կարծիքով` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական համակարգերուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու վստահութեան այսպիսի ցած ցուցանիշեր չեն եղած 1992-էն ի վեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES