Յակոբ Խաչերեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Նեմեսիսի Հերոսներուն Աճիւնները Հայրենիք Վերադարձնելու»
«Հայութեան Պայծառ Ապագան Կարելի Կ՛ըլլայ
Իրականացնել Միայն Այն Ատեն, Երբ Մենք Համոզուինք
Ու Հաւատանք, Որ Մենք Իրարու Մրցակիցներ Չենք,
Մենք Համագործակիցներ Ենք»*
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը աւանդական խորհուրդ ունի:
Տարեվերջին կատարուող այս տօնակատարութիւնը տարուան մը ընթացքին Դաշնակցութեան գործունէութեան հրապարակային ներկայացումն է:
Քաղաքական գործէն մինչեւ քարոզչական, համահայկական հարցերէն մինչեւ գաղութային եւ երիտասարդական` Դաշնակցութեան ընդհանուր աշխատանքները ամէն տարի կը զեկուցուին ժողովուրդին: Աշխատանքները, իրենց իրագործումներով եւ դժուարութիւններով, յաջողութիւններով եւ խոչընդոտներով պէ՛տք է ներկայացնել ժողովուրդին եւ մանաւանդ անոր պարզել, թէ յառաջիկայ ժամանակներուն համար մեր կուսակցութիւնը ի՛նչ ուղղութիւններու վրայ պիտի կեդրոնացնէ իր բազմաբնոյթ գործունէութիւնը:
Դաշնակցութեան օրը հեռու է ինքնագովասանքի փորձութենէ, հեռու է հարցերը մշուշապատելու յաճախ գործածուած ոճէն եւ հեռու է բաղձանքի մտածողութենէն:
Ընդհակառա՛կը, Դաշնակցութեան օրը բարոյական մեր արժէքներու վրայ երաշխաւորուած իրապաշտ գործունէութեան մասին է, Դաշնակցութեան առաջադրանքներու իրագործման կարելիութիւններուն ընդգծումն է եւ մանաւանդ ժողովուրդ-կուսակցութիւն անքակտելի կապին վրայ հիմնուած մեր թէ՛ ռազմավարական հայեացքներուն եւ թէ՛ անոնց իրողական գործադրութեան զեկուցումն է:
Այսպէս պէտք է ընկալել Դաշնակցութեան օրուան նշումը: Ոչ զգացական, սակայն` էապէս բարոյական, ոչ անիրապաշտ ու ռոմանթիք, սակայն` հիմնովին առարկայական, ոչ կարգախօսային եւ բաղձանքային, այլ` լրիւ գործնական եւ ռազմավարական:
Դաշնակցութեան օր նշելու այս սկզբունքներէն մեկնած` կը ներկայացնենք Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան տարուան մը ժամանակահատուածը` իր ձեռքբերումներով եւ բացթողումներով, իր իրագործածներով եւ իրագործելիներով:
Ընթացիկ տարին քաղաքական առումով յուսադրիչ տուեալներով չէր յատկանշուած: Ամբողջ տարածաշրջանը կը շարունակէ արագ մագլցողականութեամբ նոր տագնապներու մէջ խրիլ: Արեւմուտքի ներշնչումով գործադրութեան դրուած բաժանարար ծրագիրները քաոսային կացութիւն ստեղծած են մեր հարեւան երկիրներու մէջ: Պատերազմները այլափոխուած են արդէն: Յանուն ժողովրդավարացման եւ վարչակարգերու տապալման յայտարարութիւններով մղուող պատերազմները այսօր հուն փոխած են: Աշխարհը այսօր կեդրոնացած է Իսլամական պետութիւն երեւոյթին յառաջացուցած վտանգաւոր կացութեան վրայ, ուր կրօնն ու կրօնական ծայրայեղութիւնը կ՛օգտագործուին` տարածքներ պարպելու, ցեղային զտումներ կատարելու, ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու:
Այս բոլորը կը պատահին նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական սփիւռքի ամէնէն դասական եւ կազմակերպուած համայնքները գոյութիւն ունին: Ա՛յն համայնքները, որոնց հայաթափումին ականատես կ՛ըլլանք:
Եւ որքան ալ շեշտենք, որ աշխարհաքաղաքական մեծերու այս պատերազմին մէջ հայկական համայնքները թիրախներ չեն, այսուհանդերձ, հետեւանքները այս բոլորին` ի վնաս մեր համայնքներուն է, ի վնաս սփիւռքին է եւ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան: Որովհետեւ միջինարեւելեան հայրենամերձ գաղութները, յատկապէս` սուրիահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը, իրենց հայեցիութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ հայկական աշխարհին մարդուժ հասցնելու կարողութեամբ կը շարունակեն մնալ անփոխարինելի հնոցը հայկական սփիւռքին:
Կարեւոր հանգամանք մը եւս մեզի կը ստիպէ այս հարցերու վերլուծման ընթացքին ազգային հայեցակէտերը լարելու, այն ալ մեր թշնամիին մօտէն առնչուիլն ու ներգրաւուած ու մասնակից ըլլալն է:
Պարզ է, որ Թուրքիան կը շարունակէ զինել եւ ամէն տեսակի աջակցութիւն ցոյց տալ աշխարհին սպառնացող Իսլամական պետութեան: Եւ այստեղ կարելի չէ շրջանցել այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ` Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ երբեմնի հայկական դիմագիծ ունեցած Արաբ Բունարի մէջ, եւ այն, ինչ որ մանաւանդ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն խօսուն վկայարանին` Տէր Զօրի մէջ:
Այս բոլորը Թուրքիոյ որոշումով եւ մեղսակցութեամբ` իսլամական զինեալներու գործադրութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն մեծ վկայարանի պայթեցումը հարազատ էր Թուրքիոյ ոճին: Ցեղասպանութեան աճիւններուն հետ հաշուեյարդար կատարելը, աճիւններու ցեղասպանութիւն ընելը միայն ցեղասպան պետութեան ձեռագիրը կրնար կրած ըլլալ:
Թրքական այս գործիքին վտանգը անցած է նաեւ լիբանանեան սահմանները: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի սահմանային շրջաններուն մէջ, կը կազմակերպուի եւ կը վերահսկուի նոյն տարրերուն կողմէ, որոնք Քեսապի, Արաբ Բունարի, Տէր Զօրի եւ տակաւին Մուսուլի եւ տարբեր շրջաններու մէջ պատերազմելու համար զինուեցան եւ աջակցութիւն ստացան մեր թշնամիէն:
Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան հովանաւոր շրջանային պետութիւնը այսօր իր շահերը վտանգուած կը զգայ. եւ նկատուած է արդէն, որ Թուրքիան իր նախկին աշխուժութիւնը չունի Լիբանանի մէջ. հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ուժերուն այլեւս մաս չեն կազմեր թրքական ջոկատները: Թուրք դեսպանին եռուզեռը լիբանանեան շրջանակներուն մօտ առնուազն նոյն քարոզչական եւ հրապարակային բնոյթը չունի:
Անշուշտ, մեզ պէտք չէ հանգստացնէ թրքական երեւութական նահանջի այս պատկերը: Թրքական բոլոր շարժումներուն ակնդէտ հետեւելու եւ քաղաքական թէ քարոզչական մակարդակներու վրայ հակազդելու խնդիր ունինք այս օրերուն:
Չմոռնա՛նք. ոչ շատ հեռու տարածութիւններու վրայ հայկական գիւղի տեղահանութիւն եղած է, Տէր Զօրի մէջ մատուռ եւ համալիր պայթեցուած են, սուրիահայութեան զգալի մէկ մասը հեռացած է երկրէն, Հալէպի մէջ հայկական կեդրոններ հրկիզուած են: Վտանգը հեռու չէ մեզմէ: Այս վտանգն է, որ այսօր Լիբանանի մէջ նման արարքներու դիմողներուն ետին կանգնած է իբրեւ պատուիրատու եւ աջակցող պետութիւն: Առաջին հերթին` Լիբանանի բանակը թիրախ ճշդած ուժ:
Այդ նոյն տարրերն են, որոնք կը սպառնան լիբանանեան բանակի հեղինակութեան, ձեռնոց կը նետեն Լիբանանի պաշտպանութեան համակարգին: Եւ այստեղ պէտք է ողջունել համալիբանանեան այն ընդհանուր զօրակցութիւնը, որ պետական եւ ժողովրդային մակարդակներով ցոյց տրուեցաւ լիբանանեան բանակին` ընդդէմ ահաբեկչական յարձակումներուն:
Միաժամանակ ակնկալելով սակայն, որ համալիբանանեան այս կեցուածքին ետին կանգնող բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւնները, կուսակցութիւններն ու հոսանքները հարց տան, թէ ո՞վ կանգնած է Լիբանանի բանակին զինուորները առեւանգողներու, խլրտումներ ստեղծողներու եւ Լիբանանի կայունութեան սպառնալիք վերածուածներու ետին: Եթէ բոլորը կ՛ընդունին, որ այս տարրերը Իսլամական պետութեան բաղկացնող խմբաւորումներն են, մատնացոյց պէտք է ընեն զանոնք հովանաւորողներն ու անոնց աջակցողները:
Եւ եթէ համալիբանանեան միասնականութիւն կազմուած է բանակին զօրակցելու ուղղութեամբ, այդ երեւոյթը պէտք է դրսեւորել նաեւ այս վտանգին դիմաց քաղաքական դաշտը ամուր պահելու, օրինական հաստատութիւնները թափուր չձգելու, ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ ընդհանրապէս սահմանադրական կարգը չխախտելու համար: Շրջանին անցուդարձերը եւ Լիբանանի շուրջը վառած հրդեհներու կայծերուն այս երկիրը հասնիլը յաւելեալ հրամայականներ են, որ երկխօսութիւնը կայանայ, համախոհութիւնը ստեղծուի եւ հանրապետութեան նախագահի թէ ընդհանրապէս հաստատութիւններու վերաբերող ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց ատենին, ժողովրդավարութեան ճշդած կանոններու յարգումով:
Այս համոզումներէն մեկնած է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, հաւատարիմ` ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ յարգելով պետութեան օրէնսդիր կառոյցը, որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ներկայ ըլլայ խորհրդարանի վերջին նիստին եւ դէմ քուէարկէ խորհրդարանի կեանքի երկարաձգման:
Լիբանանեան բազմակողմանի համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութեան շեշտումը եղաւ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական վարքագիծին հիմնական բաժինը այս տարուան ընթացքին: Բոլոր կողմերուն հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան կիրարկումով Կեդրոնական կոմիտէն աշխատեցաւ հեռու մնալ բեւեռացումներէ եւ շարունակեց առաջադրել համախոհութիւնը` միշտ իբրեւ գերագոյն նպատակ ունենալով լիբանանահայ գաղութին անվտանգութիւնը:
Կը գիտակցինք անշուշտ, որ ներլիբանանեան համաձայնութիւնները միայն Լիբանանի սահմաններէն ներս չէ որ կը գոյանան: Շրջանային եւ միջազգային կեդրոններու համաձայնութիւնն է, որ կը քակէ հանգոյցները, ընթացքի մէջ կը դնէ ընտրութիւնները, կազմել կու տայ կառավարութիւնները: Այսուհանդերձ, պիտի շարունակենք պահանջել լիբանանեան կողմերէն` երկխօսութեան նստիլ եւ համաձայնելէ բացի այլ որեւէ ընտրանք չունենալ: Պարտադիր համաձայնութիւնն է միայն, որ արտաքին վտանգներուն դիմաց Լիբանանին կ՛ապահովէ պաշտպանութիւն:
Քաղաքական այս բարդ պայմաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժանավայել նշումը առաջնակարգ նպատակ է ամբողջ գաղութին համար: Պիտի աշխատինք այնպէս, որ տեղւոյն պայմանները որեւէ ձեւով չխոչընդոտեն այն, ինչ որ կ՛ուզենք իրագործել այս կարեւոր հանգրուանին:
100-ամեակի տարին կը թեւակոխենք շուտով. կը գիտակցինք, որ 100-ամեակը իբրեւ կարեւոր կլոր թուական` անպայման քաղաքական գործընթացներու մեկնարկներ ապահովելու հանգրուան չէ: Քաղաքական գործընթացները ամեակներու հետ կապ չունին, անոնք շահերու համատեղման եւ բախման հանգրուաններու հետ պայմանական առնչութիւն ունին:
Այսուհանդերձ, այս կարեւոր դարադարձը պէտք է նշուի սփիւռքի ամէնէն պահանջատէր գաղութին մէջ արժանավայել տարողութեամբ: Բոլորի՛ս ծրագրումով, բոլորի՛ս մասնակցութեամբ, բոլորի՛ս ներդրումով:
Վերջին տարիներուն այս ծիրին մէջ տարուող հրատարակչական, ցուցադրական, ցուցական, քարոզչական, քաղաքական աշխատանքները պէտք է մագլցում ապրին: Առաջադրանք կայ հատուցման, պահանջատիրութեան կարգախօսին ընդառաջելով` կազմակերպել գիտաժողովներ, խորհրդաժողովներ, երիտասարդական ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, համերգներ, ու մանաւանդ` պահանջատիրական շեշտադրումներով սփիւռքի ամէնէն մարդաշատ ցոյցը: Մեր համոզումն է, որ աշխատանքի բոլոր մարզերուն մէջ շարունակուի ընթանալ գաղութի բոլոր շրջանակներուն կողմէ համակարգուած գործելաոճը:
Յատկապէ՛ս բանաձեւուած մեր պահանջներու ամբողջութիւնը լիբանանահայ գաղութը պէտք է յաջողի հասցնել ոչ միայն լիբանանեան շրջանակներուն, այլ նաեւ` արաբական ակադեմական, քաղաքական եւ հասարակական լայն շերտերուն:
«Ճանաչումէն հատուցում եւ պահանջատիրութիւն» սկզբունքը պիտի կազմէ 100-ամեակի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ուղղութիւններու վրայ կազմակերպուելիք աշխատանքներուն բնաբանը:
Հատուցման պատրաստութեան համահայկական աշխատանքներուն, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի հանրապետութիւնը, այնպէս ալ սփիւռքը իր դասական եւ նոր հատուածներով ներգրաւուած են 100-ամեակի ծրագիրներուն մէջ: Այս ամբողջականութիւնը չ՛ամրագրուիր, եթէ այս նպատակին ուղղուած մեր ծրագիրները անտեսեն իր արմատներուն վերադարձ կատարող Թուրքիոյ տարածքին թէ անկէ դուրս ապրող ծագումով հայերը. բռնի կրօնափոխ դարձածները, համշէնահայութիւն, թաքուն կամ ծպտուած հայեր անունակարգերով բացատրուող հայերը, եւ տակաւին, պոլսահայերը կամ հայկական գաւառներու մէջ մնացածներէն շա՜տ շատերը, որոնք ապրեցան Ցեղասպանութեան արհաւիրքը. կրեցին անոր ամենադաժան հետեւանքները: Այսօր պահն է` 100-ամեակի սեմին առաջնակարգ օրակարգի վերածել անոնց ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հարցերը, մեր կողմէ ընկալումի խնդիրները, որպէսզի հակասական ձայներ, ընկալումի տարբեր եղանակներ չխոչընդոտեն մէկ ազգի եւ մէկ երդիքի տակ ամբողջ հայութիւնը համախմբելու կարեւոր նպատակին իրագործումը:
100-ամեակի առիթով այս հանգամանաւոր բեմէն կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան` արժանավայել պետական շուքով եւ զինուորական բարձրագոյն մակարդակի պատուով ստանձնելու եւ հայրենի հողին խառնելու ցեղասպան պետութեան պատասխանատուները պատժած հայկական Նեմեսիսի վրիժառուներուն աճիւնները: 100-ամեակը ամէնէն մեծ առիթն է Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք թուրք դահիճները զգետնած եւ հայ ժողովուրդի ոգեկանը վերականգնած հերոսներուն հայրենադարձութիւնը ամրագրելու: Անոնց ամփոփումը ուխտավայր Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր գալիք սերունդներուն համար պիտի ըլլայ մնայուն ներշնչարան ցեղասպանին դէմ, վրիժառութեան հպարտանքով հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներուն համար պայքարի ոգին առաւել մղումով լարելու:
Բոլորիս ճիտին պարտքն է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման համար Ցեղասպանութեան պատասխանատուները զգետնած եւ դէպի յաւերժութիւն խոյացած հայ վրիժառուներուն աճիւնները խառնել հայրենի հողին: Բա՛ւ է, որ անոնք որքան մսեցան օտար ցուրտ հողին տակ: Ժամանակն է հայրենի հողին մէջ վերջնական հանգիստի:
Ցեղասպանութեան հետ կապուած աշխատանքներուն կողքին, Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը աշխուժ ձեւով այս տարի մասնակցեցաւ հայրենական ծրագիրներուն:
Հայրենիքը, այսօրուան Հայաստանի թէ Արցախի հանրապետութիւններով, Ջաւախքով թէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանով ու Նախիջեւանով մեր ապրումներուն, առաջադրանքներուն ու նպատակներուն առանցքն է, բացարձակ ու գերագոյն արժէքը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հետ համակարգելով` մեր ուսանողական, երիտասարդական թէ ուղեկից միութիւններէն հարիւրաւոր երիտասարդներ իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի հայրենիք` Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, գործնապէս մասնակցելու համար հայրենաշինական ծրագիրներու: Բանակումներու մասնակցութեան թէ յատուկ գործուղումներու ճամբով լիբանանահայ երիտասարդը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու հայրենիքի պայմաններուն, գործակցելու հայրենի իր հասակակիցներուն հետ եւ մանաւանդ` մնայուն կապը ստեղծելու Հայաստան աշխարհին հետ:
Վստահ ենք, որ յառաջիկայ տարիներուն մեր պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն հայրենական ծրագիրներու մասնակցութեան թիւը նոր աճ պիտի արձանագրէ` այլեւս մնայուն դարձնելով լիբանանահայ երիտասարդութեան աշխատանքային այցելութիւնները հայրենիք:
Արցախ աշխարհը եւս իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան կարեւոր երաշխիք` շարունակեց մնալ մեր համագաղութային աշխատանքներու կարեւոր բաժիններէն մէկը: Երիտասարդական գործուղումներուն առընթեր, Քաշաթաղի մէջ Արիաւանի բացումը ռազմավարական առումով շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն կ՛ենթադրէ: Արցախի պետութեան հետ ԱՌԻ-ի համագործակցութիւնը հայկական երկրորդ հանրապետութեան զարգացման ճանապարհին այս գաղութին հայրենական ծրագիրներու մասնակցութեան նկատառելի աւանդ կ՛ապահովէ:
Հայրենիք հասկացողութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ Արեւմտահայաստանը, որ իբրեւ աշխատանքային միջավայր չբացակայեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան գործունէութեան դաշտէն: Երիտասարդական ուխտագնացութիւնները բռնագրաւուած հայրենիք` անպայման կը տեղադրուին ամբողջական Հայաստանի կերտման Դաշնակցութեան ընդհանուր նպատակին փուլ առ փուլ իրագործման շրջածիրին մէջ:
Եւ եթէ դէպի հայրենիք տարազին տակ ներկայացող մեր գործունէութեան առիւծի բաժինը կը վերաբերի դաշնակցական երիտասարդութեան, այդ կը նշանակէ, որ ռազմավարական իմաստով եւ երկարաշունչ ծրագրումներու ամէնէն կարեւոր դերը վստահած ենք երիտասարդութեան:
Համայնքային մտածողութենէն դէպի հայաստանեան դաշտ գործուղուող մեր երիտասարդները այսպիսով իրենց կազմաւորումին մէջ կը ներառեն համահայկական մակարդակի վրայ ամէնէն հրատապ խնդիրներուն հետ քայլ պահելու սկզբունքը: Կազմաւորումի այս առանցքը պիտի յատկանշէ մեր կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը հետզհետէ ստանձնող մեր երիտասարդներու կուսակցական մտածելակերպը:
Համայնքայինին առընթեր համահայկականին ձգտելու պահուն երիտասարդութիւնը կը նկատէ արդէն, որ գաղափարական այս կարեւոր անցումին պէտք է պատրաստել նաեւ գաղութը` անոր գոյութեան իմաստը վերասահմանելով, անոր այսօրուան կարելիութիւնները վերարժեւորելով եւ, տակաւին, մեծ օրակարգերու համար համապատասխան մարդուժ պատրաստելով:
Այս առաջադրանքները այսօրուան հարցերը չեն լուծեր: Անոնք մեր հեռանկարները կը յստակացնեն եւ ապահովութիւնը կը ներշնչեն, որ մեր կուսակցական դիմադրողականութիւնը ամուր է մեր գոյութեան սպառնացող ֆիզիքական, գաղափարական, ապազգայնական եւ բարոյական վտանգներուն դիմաց:
Պէտք է ըսել միաժամանակ, որ հայ կեանքի ղեկավարման համար մեր կողմէ երիտասարդութեան տրուած առիթներուն համապատասխան ամբողջական ընդառաջում չնկատեցինք մեր երիտասարդութեան կողմէ: Կը գիտակցինք, որ գործի պատասխանատուութիւն ստանձնելու երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ ներդրում ապահովելու կարիք ունինք տակաւին:
Մեր համոզումը կը մնայ նոյնը: Շատ արագ կշռոյթներով փոխուող ու զարգացող 21-րդ դարու մեր կեանքը պիտի ղեկավարուի երիտասարդ եւ մնայուն կերպով սերնդափոխուող կառոյցներով:
Մեր համայնքի հայեցի դիմագիծի պահպանման խնդիր կը դիմագրաւենք այսօր: Սո՛ւր կերպով: Եւ կը գիտակցինք անշուշտ, որ այս հարցի դիմագրաւումը մեր կողմէ ակնկալուած արդիւնքներուն չէ յանգած: Այստեղ զիրար ամբողջացնող ծրագիրներ պէտք են: Հայկական դպրոց, հայաշունչ ընտանիք, հայաբոյր օճախ, հայավայել աշխատանք, արժանապատիւ կենցաղ: Բայց նաեւ` պայքար յոռի բարքերու, այլասերումի, խեղճ վիճակներու եւ թերի կրթութեան դէմ: Լոզունգային մարտավարութենէ հեռու` այս առաջադրանքներն ու դժուարութիւններու լուծումները այլեւս գործնական դրսեւորումի կը սպասեն:
Այս բոլորը իրարու շաղկապուած շղթայ մը կը կազմեն, որուն օղակներու իրարու կապումը անհրաժեշտ է կատարել անյապաղ: ժողովրդային կարիքներուն ընդառաջելու եւ հարցերը լուծելու արդիւնաւէտ հասցէ ըլլալու իր հանգամանքը պահելու հարկադրանքին առջեւ է ամբողջ գաղութը` իր միութիւններով, կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով. կը գիտակցինք, որ այս հրամայականին ամէնէն ծանր բաժինը Դաշնակցութիւնը, իբրեւ իր պարտականութիւնը, պիտի վերցնէ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ այստեղ ապաստանած սուրիահայութեան կարիքներուն փութալու պարտաւորութիւնը:
Այսօրուան խնդիրները ծանր են իրենց տարողութեամբ, եւ բնականաբար անոնց լուծում բերելը եւս հետզհետէ` դժուար: Մեր ժողովուրդը իր ազգային, հաւաքական թէ անհատական հարցերու լուծման համար կը դիմէ Դաշնակցութեան` ակնկալելով լուծումներ: Այս մէկը աւանդութիւն է հին ժամանակներէն ի վեր. այն ատեններէն, երբ հայ գիւղացին կը յուսար եւ կը հաւատար, որ` «երբ իր արտերը չորնան, Դաշնակցութիւնն է, որ ջուր կու տայ»: Ունինք այն գիտակցութիւնը, որ այսօրուան չորցած արտերուն ոռոգումը երբեմն վեր է մեր կարողութիւններէն: Որոշ պարագաներու ջուր չկարենալ հասցնելը մեզի համար եւս` իբրեւ ժողովուրդի կարիքներուն հասնող կուսակցութեան, կը յառաջացնէ անհանգիստ իրավիճակներ: Կը խանգարէ մեր հոգիին անդորրը: Եւ մենք ասիկա զգացինք, երբ ոչ միայն պահանջուած չափով չկրցանք ջրել լիբանանահայութեան, այլ նաեւ այստեղ ժամանակաւոր կայք հաստատած մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն արտերը:
Մենք պարտաւորուած ենք սակայն մեր ծառայութիւնը շարունակելու: Թէ՛ լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ համայնքի անվտանգութիւնը պահելու, թէ՛ հետեւելու թշնամիի շարժումներուն, թէ՛ օժանդակելու տագնապի մատնուած Միջին Արեւելքի երկիրներու հայութեան: Միաժամանակ` գաղութի հայեացքը սեւեռած պահելու հայրենիքին, մասնակցելու արցախաշինութեան ծրագիրներուն, համագաղութային միասնական աշխատանքը շարունակելու, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը արժանավայել ձեւով նշելու: Ու տակաւին` մեր շարքերու երիտասարդ խաւին վրայ գուրգուրալու, նոր մարդուժ պատրաստելու, ազգային կառոյցներու ղեկավարութիւնը երիտասարդացնելու, հայաշատ թաղամասերու հայեցի դիմագիծն ու այնճարահայութեան ապահովութիւնը պահպանելու:
Այո՛, պարտաւոր ենք այս հսկայական պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն վրայ պահելու եւ վերահաստատելու դաշնակցականի ուխտը` ծառայելու երկար ժամանակ:
Ու կը գիտակցինք անշուշտ, խորապէ՛ս կը գիտակցինք, որ հսկայական տարողութեամբ այս աշխատանքները հատուածականօրէն չեն կրնար տարուիլ: Ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, սփիւռքի կազմակերպումն ու հայապահպանումը, ու տակաւին շա՜տ ու շա՛տ համահայկական համասփիւռքեան եւ համագաղութային աշխատանքներ պէտք է տարուին բոլորի՛ն մասնակցութեամբ, բոլո՛ր հատուածներու եւ շրջանակներու ուժերով:
Այս բոլոր մարտահրաւէրները, պատասխանատուութիւնները, պարտադրանքներն ու հրամայականները մեզ կը մղեն եզրակացնելու, թէ`
Ժամանակը հասած է, որ վերջ տանք եկեղեցական թէ յարանուանական, կուսակցական թէ միութենական ներքին անիմաստ եւ տեղ չհասցնող մրցակցութիւններուն:
Հայութեան պայծառ ապագան կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել միայն այն ատեն, երբ մենք համոզուինք ու հաւատանք, որ մենք իրարու մրցակիցներ չենք, մենք համագործակիցներ ենք, եւ մեր ուս ուսի համագործակցութեան արդիւնքը մեզ կրնայ դուրս բերել միջազգային մրցադաշտ, ուր բոլորս միասին պիտի մրցինք օտարին, ոչ հայկականին հետ, բոլո՛ր մարզերուն մէջ: Այդ պարագային միայն վստահ կ՛ըլլանք, որ կ՛արձանագրենք առաւելներ միջազգային մակարդակի վրայ` ի շահ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Ժամանակները կը փոխեն պայմանները, պայմանները կը փոխեն մօտեցումներն ու սովորութիւնները: Չի՛ փոխուիր սակայն մեր հաւատքը, հայրենիքին ծառայելու մեր նուիրումը, ծառայաբար տիրութիւն ընելու մեր աւանդութիւնը` Հայկի հրաշք ցեղին:
Հրաշք ցեղ, որ հակառակ հալածանքին, ջարդին, ցաւին, տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան, վերապրեցաւ, կերտեց հանրապետութիւն, փրկեց Զանգեզուր, զգետնեց դահիճներ, ազատագրեց Արցախ, կազմակերպեց սփիւռք եւ առաջադրեց միացեալ հայրենիք:
Այս երթին երէկ միացան Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորներէն 51 նորագիրներ, որոնց հայեացքները ուղղուած են սահմանէն անդին: Եւ բոլորիս համոզումն է, որ այսօր բռնագրաւուած, բայց վաղը անպայման ազատագրելի մեր հայրենիքի միւս բաժնին մէջ նաեւ` Վանէն Տրապիզոն, Երզնկայէն Պիթլիս, անցնելով Կարսէն, Կարինէն ու Տարօն աշխարհէն, հայկական զօրակայաններու թէ հայկական վերաբացուած դպրոցներու մէջ ամէ՛ն առաւօտ բարձր պիտի հնչէ «ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը` ո՛չ միայն իբրեւ ազատ ու անկախ, այլ նաեւ ամբողջական:
Կեցցէ՛ հայութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ այդ գերագոյն արժէքներուն ինքզինք ամբողջովին տրամադրած Դաշնակցութիւնը:
* Խօսք` արտասանուած ՀՅԴ-ի 124-ամեակի տօնակատարութեան:

