ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՍԵՄԻՆ

Լեւոն Արոնեան (ձախին) եւ Փենթալա Հարիքրիշնա

Հայաստանի տղոց ճատրակի ազգային հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Աշխարհի խմբային ախոյեանութեան իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ (Հնդկաստանի եւ Հունգարիոյ դէմ) մեծ քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս եւ այժմ կը գտնուի անոր սեմին:

Հնդկաստանի դէմ Հայաստանի յաղթանակը կերտեց Լեւոն Արոնեան, իսկ Հունգարիոյ դէմ` Սերկէյ Մովսիսեան:

– ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ
– ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ

Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող Ճատրակի աշխարհի 8-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան 6-րդ եւ 7-րդ հանգրուանի ճակատումները:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (12 կէտով)` այսպիսով մեծ քայլ մը առնելով դէպի ախոյեանութեան տիտղոս: Եթէ հայրենի կազմը վերջին երկու հանգրուանի մրցումներէն մէկուն յաղթանակ մը միայն արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:

Սերկէյ Մովսիսեան (ձախին) եւ Զոլթան Ալմասի

Շաբաթ օր, Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Հնդկաստանի, իսկ երէկ նոյն արդիւնքով` Հունգարիոյ: Հնդկաստանի դէմ տեղի ունեցած ճակատումին Հայաստանի յաղթանակը կերտեց Լեւոն Արոնեան, որ պարտութեան մատնեց Փենթալա Հարիքրիշնան, իսկ Հունգարիոյ դէմ Հայաստանի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Սերկէյ Մովսիսեան, որ պարտութեան մատնեց Զոլթան Ալմասին:

Հայրենի մնացեալ վարպետները շաբաթավերջին իրենց կատարած մրցումներուն հաւասարութիւններ արձանագրեցին:

Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ազրպէյճան (7-րդ, 6 կէտ):

Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան իր տիտղոսին տիրանայ Ազրպէյճանի դէմ իր արձանագրելիք յաղթանակին շնորհիւ, առանց սպասելու վերջին` 9-րդ հանգրուանի մրցումին:

Նշենք, որ Հայաստանի ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը 9-ական կէտով կը գրաւեն Չինաստան եւ Ուքրանիա:

Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.

———————–ԿԷՏ

1.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ           12
2.- Չինաստան           9
3.- Ուքրանիա                  9
4.- Ռուսիա              8
5.- Հունգարիա           8
6.- Միացեալ Նահանգներ   8
7.- Ազրպէյճան           6
8.- Հնդկաստան           5
9.- Իսրայէլ              5
10.- Եգիպտոս                  0

Share this Article
CATEGORIES