ՌԵՏ ՊՈՒԼ-ՔԱՐ ՓԱՐՔ ՏՐԻՖԹ
– ՍԷՈՒՏՑԻ ՍԱՅԻՏ ՄՈՒՐԻ` ԱՌԱՋԻՆ
– ԿԱՐՕ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ
Նախորդ շաբաթավերջին «Ֆորում տը Պէյրութ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Ռետ Պուլ- Քար Փարք Տրիֆթի Միջին Արեւելքի միջազգային մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական երկիրներէ ժամանած միջազգային փորձառու վարորդներ` ներկայութեամբ հազարաւոր հանդիսատեսներու:
Ներկաներուն շարքին էր նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, որ մրցումին բացումը կատարեց լիբանանցի փորձառու վարորդ Ապտօ Ֆըղալիի հետ` ցուցադրական մրցումին մասնակցելով:
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ սէուտցի Սայիտ Մուրի (Շեվրոլէ Լումինա), իսկ 2-րդ դիրքը գրաւեց լիբանանցի Ֆիրաս Խատտաժ (Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ): 2009-ին ախոյեան հանդիսացած Կարօ Յարութիւնեան (Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ) գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուանով, որուն ընթացքին դատական յանձնախումբը (տեղացի եւ միջազգային) կէտերով ընտրեց առաջին երեք դիրքերը գրաւողները: